Ճատրակ. Չիկորինի Անուան Մրցաշարք. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Արձանագրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական Յաղթանակը
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցող Միհայիլ Չիկորինի անուան ճատրակի յուշամրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Ռոպերթ Յովհաննիսեան` շարունակելով իր յաջող ելոյթներու շարքը, արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ յաղթեց Կիլ Փոպիլսքիի (Իսրայէլ): Ան այժմ ունի 4 կէտ:
Հայրենի այլ կրանտմասթըր մը` Աւետիք Գրիգորեան, հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Ներկի Փարիմարճանի հետ (Հնդկաստան), կը գրաւէ 8-րդ դիրքը:
Իսկ հայրենի միջազգային վարպետ Յովիկ Հայրապետեան կրեց իր առաջին պարտութիւնը` Ալեքսանտր Շիմանովէն (Ռուսիա):
Մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Վլատիմիր Յակոբեան, Զաւէն Անդրէասեան, Սերկէյ Գրիգորեանց եւ ուրիշներ:
Մրցաշարքը կ՛աւարտի 4 նոյեմբերին:
CATEGORIES Մարզական

