Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները

Չորեքշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2012-ի գիշերը, վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին:

Խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն, Սուրիոյ հայութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ համահայկական հարցերն ու մարտահրաւէրները համահայկական ճիգով ու ներքին միասնականութեամբ դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES