Ամերիկացիներուն 54 Առ Հարիւրը Համոզուած Է, Որ Օպամա Պիտի Վերընտրուի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, որ «Սենտի» փոթորիկին պատճառով իր նախընտրական քարոզարշաւը դադրեցուցած էր, պիտի վերսկսի իր նախընտրական հանդիպումներուն: Օպամա չորեքշաբթի օր այցելած է փոթորիկէն լուրջ վնասներ կրած Նիւ Ճըրզի:

Անոր մրցակից հանրապետական Միթ Ռոմնի կը շարունակէ քարոզարշաւը: Ան, ըստ էութեան, չէր դադրեցուցած քարոզարշաւը. իր համակիրներուն հետ ժամանակաւոր ապաստան ստացածներուն եւ անտուն մնացածներուն առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ բաժնած էր:

Մինչ այդ, «Կալըփ» կազմակերպութեան կատարած հարցախոյզին համաձայն, ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը վստահ է, որ Պարաք Օպամա 6 նոյեմբերի նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ պիտի արձանագրէ: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 54 առ հարիւրին կարծիքով, Օպամա պիտի վերընտրուի, 34 առ հարիւրը վստահ է, որ Ռոմնի պիտի յաղթէ, իսկ 11 առ հարիւրը տակաւին չէ կողմնորոշուած:

Անցնող 9 օրուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու տարածքին «Սի. Էն. Էն.»-ի կատարած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, թէ Ռոմնիի զօրակցողներուն համեմատութիւնը 48 առ հարիւր է, իսկ Օպամայինը` 47 առ հարիւր:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի եւ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի միացեալ հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ Օպամա, 10 քուէարկողներէն 8-ին կարծիքով, փոթորիկին ստեղծած արտակարգ կացութեան հետ «գերազանց» կամ «լաւ» կերպով վարուած է:

Նշենք, որ փոթորիկը Նիւ Եորքի 200 միլիոն տոլար արժած է, իսկ Մերիլենտի մէջ գետնին տակէն դագաղներ հանած է: «Սենտի» փոթորիկի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 118-ի:

 

Share this Article
CATEGORIES