Մանսուր. «Դիւանագիտական Անձնակազմի Նշանակումները Նուաճում Կը Նկատուին»
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ նախարարութեան եւ կառավարութեան համար դիւանագիտական անձնակազմին նշանակումները նուաճում կը նկատուին` նկատի ունենալով, որ 1999-էն ի վեր անոնք խոչընդոտներու ենթակայ էին:
Մանսուր յայտնեց, որ այդ նշանակումներուն կասեցումը վնաս հասցուցած է դիւանագիտական աշխատանքին` աւելցնելով, որ դիւանագիտական անձնակազմին մէջ արձանագրուած բացը մեծ էր:
Մանսուր նշեց, որ այդ նշանակումները կ՛աշխուժացնեն դեսպանատուներուն աշխատանքը` նկատել տալով միաժամանակ, որ իրենք կը սպասեն ընտրական օրէնքի մը մշակումին:
Միւս կողմէ, Մանսուր հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ «Սենտի» փոթորիկին պատճառով 98 լիբանանցի ուսանողներ անհետացած են:
ՆՇԵՆՔ, որ դիւանագիտական անձնակազմի նշանակումներուն շրջագիծին մէջ, Ժան Մաաքրուն նշանակուեցաւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան:

