«Մօտ Օրէն Պիտի Վերատիրանանք Մեր Հողերուն, Զորս Հայաստան Բռնագրաւած Է» Կը Յայտարարէ Ալիեւ
«Նաշրա» կայքէջը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ իր երկիրը մօտ օրէն պիտի վերատիրանայ իր հողերուն, զորս Հայաստան բռնագրաւած է»` նշելով, որ «յաղթանակի օրը մօտ է»:
«Մենք իւրաքանչիւր տարի մեր նպատակին կը մօտենանք շնորհիւ մեր զինուորական ուժի յաւելման եւ միջազգային բեմի վրայ մեր ազդեցութեան աճին, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրային կարծիքի մեր կողքին կանգնելուն», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «ամէնէն կարեւորը մեր տնտեսական ուժը աւելցնելն է»:
CATEGORIES Հայկական

