Քոնկ Ֆու – Ուու Շու. Լիբանանի Խումբը Մեկնեցաւ Իտալիա

Երէկ` հինգշաբթի, 1 նոյեմբերին, Իտալիա մեկնեցաւ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելու միջազգային մրցաշարքի մը, որ տեղի պիտի ունենայ 2-5 նոյեմբերին` մասնակցութեամբ 42 երկիրներու, բոլոր դասակարգի մրցումներուն:

Լիբանանի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Պասսամ Նահրա:

Իսկ մարզիկներն են` Շարպել Հատտատ, Ժորժ Պարհուշ, Անթուան Նահրա, Անթոնի Սարգիս, Ճիորճիօ Քընսոլ եւ Էլի Թայեհ:

 

Share this Article
CATEGORIES