Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Չելսի Դուրս Ձգեց Մանչեսթըր Եունայթըտը, Իսկ Սուանզի` Տիտղոսակիր Լիվըրփուլը

Չելսիի յաղթական մարզիկները

Ըստ սովորականի, Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին (Անգլիոյ բաժակի մրցաշարքին նման) արձանագրուեցան կարգ մը անակնկալներ, որոնց ընթացքին զօրաւոր նկատուող խումբեր պարտութիւններ կրեցին Դ. հանգրուանին իրենց կատարած մրցումներուն:

Չելսի ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ երկարաձգման ընթացքին 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց Մանչեսթըր Եունայթըտը:

Անիկա այսպիսով յաջողեցաւ որոշ չափով նախորդ կիրակի օրուան իր մարզական վրէժը լուծել Ալեքս Ֆերկըսընի կազմէն, որ 3-2 արդիւնքով կասկածելի յաղթանակ մը արձանագրած էր, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Նշենք, որ նախքան երկարաձգումը, իւրաքանչիւր անգամ, որ Եունայթըտ կը յառաջանար, Չելսի կը նշանակէր հաւասարութեան իր կոլը, մինչեւ որ 90 վայրկեանները աւարտեցան 3-3 արդիւնքով: Երկարաձգումին, լոնտոնեան կազմը նշանակեց երկու կոլ, մինչ հիւր կազմը միայն կոլ մը նշանակելով հրաժեշտ տուաւ մրցաշարքին:

Տիտղոսակիր Լիվըրփուլ, որ դաշտ ներկայացուցած էր համեմատաբար աւելի տկար կազմ մը, իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Սուանզիէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն:

Այլ անակնկալ մը ստեղծեց Դ. դասակարգին մաս կազմող Պրետֆորտ Սիթի, որ փենալթիներով 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ուիկընի:

Կոլերով հարուստ մրցումէ մը ետք, երկարաձգումին Արսենալ 7-5 արդիւնքով յաղթեց Ռիտինկի:

Share this Article
CATEGORIES