ԱԶԳ. ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Աշակերտական խորհուրդի «Մարդկային իրաւունքներ»ու խմբակը այս տարուան իր ծրագրին մէջ ներառեց բարեսիրական աշխատանք մը:

Առ այդ, մարտ ամսուան ընթացքին խմբակին աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ, շաբաթական դրութեամբ ու երեք հանգրուաններով պատրաստեցին հատիկ, փոփ քոռն, գետնախնձորի սենտուիչ ու կարկանդակ, եւ ուրբաթ օրերը զբօսանքներուն վաճառեցին զանոնք թէ՛ իրենց դասընկերներուն եւ թէ՛ իրենց ուսուցիչներուն` քոլեճին մէջ ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ մը:

Այս աշխատանքը կը նպատակադրէր ապահովել նիւթական օժանդակութիւն մը` ի նպաստ հայ կարիքաւոր անհատի մը, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի «Ձեռք երկարենք» յայտագիրին միջոցով:

Հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ աշակերտները իրենց աշխատանքով յաջողեցան մէկ միլիոն լ. ոսկիի կոկիկ գումար մը գոյացնել ու յանձնել վերոյիշեալ յայտագիրին:

Յանձնախումբին անդամները այս ձեւով առիթը ունեցան փաստելու, թէ՛ իրենք իրենց ու թէ՛ իրենց շրջապատին, թէ մարդկային իրաւունքները կարելի է յարգել նաեւ համեստ ջանքերով, ծրագրուած աշխատանքով ու աչալուրջ հետեւողականութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES