Մասունքներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ժամանակակից Պատմութեան

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

Ներածական

Անցեալ ամառ, սեպտեմբերի վերջին շաբաթը,  երբ կարեւոր պարտականութեամբ մը կարճ շրջանի մը համար կը գտնուէի Միացեալ Էմիրութեանց Արաբական ծոցի հայաշատ քաղաքները` Շարժա, Տուպայ եւ Ապու Տապի, տեղւոյն հանրածանօթ մտաւորական, թարգմանիչ եւ «Ազատ Հայ» կայքէջի խմբագիր Քալսահակեան Հրաչը ինծի յանձնեց երեք թղթածրարներ, որոնց մէջ էին անցնող տարիներու ընթացքին իր հաւաքած, խնամքով դասաւորած շարք մը նամակներ եւ պատմական արժէք ունեցող ձեռագիրներու ցուցակներ: Առաջին ակնարկով իսկ նկատեցինք, որ անոնց հեղինակներն էին, ժամանակագրական կարգով, Մկրտիչ Ա. Քէֆսիզեան, կաթողիկոս Կիլիկիոյ, Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեան (հետագային` աթոռակից կաթողիկոս) եւ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս Կիլիկիոյ:

Հրաչ Քալսահակեանին խնդրանքը եղած էր ինձմէ նախ ուսումնասիրել զանոնք, ցոյց տալ անոնց կարեւորութիւնը եւ ապա փոխանցել առ որ անկ է, պահպանելու` պատմութեան համար: Ես խոստացայ լաւագոյնս կատարել այդ ուղղութեամբ:

Դժբախտաբար ո՛չ Շարժա¬Տուպայի մէջ եղած իմ օրերուս եւ ո՛չ ալ անոնց յաջորդող շաբաթներու եւ ամիսներու ճամբորդութեանց ընթացքին, նախ Անթիլիաս, ապա Լոնտոն ու Լոս Անճելըս, կամքէ անկախ պատճառներով ես չկրցայ ընթացք տալ Հրաչին խնդրանքին: Միայն վերջերս է, որ երբ մասամբ վերագտած եմ առողջութիւնս, այսու կը փորձեմ կատարել խոստումս:

Արդարեւ, անոնց մեծապէս շահեկան բովանդակութեան ծանօթանալը զիս մղեց նոր պրպտումներ կատարելու պարտաւորութեան: Այնտեղէն քաղուած նոր տեղեկութիւններ նոր հորիզոններ բացին մտքիս առջեւ: Անշուշտ հայ ժողովրդի աղէտներով ու աքսորով, տեղահանութեամբ եւ ցեղասպանութեամբ յատկանշուող ժամանակակից պատմութեան այս պատառիկներուն վերջնական կայանը պիտի ըլլայ կաթողիկոսարանիս արխիւատունը, ուր լաւագոյն պայմաններու մէջ կը պահուին նման տասնեակ հազարաւոր վաւերագրեր: Սակայն նախքան այդ, տուած խոստումս յարգելու համար բարոյական պարտք համարեցի համառօտ կերպով ներկայացնել զանոնք հանրութեան:

Այս առիթով պիտի փորձենք տալ որոշ ծանօթութիւններ այդ նամակներուն մէջ յիշուած անձերուն եւ արծարծուած նիւթերոն մասին ու կատարել շարք մը խորհրդածութիւններ:

Անդրադառնալով հանդերձ այդ նամակներուն իւրաքանչիւրին, յաջորդող էջերու մէջ պիտի լոյս ընծայենք Մկրտիչ կաթողիկոսին տասը նամակներէն միայն երկու հատին ամբողջ բնագիրը` նկատի ունենալով անոնց բովանդակութեան կարեւորութիւնը. իսկ Սահակ Կաթողիկոսի պարագային, բացի չորրորդ նամակը, որ բաւական վնասուած է եւ մասամբ անընթեռնելի, մնացեալ ութ հատը պիտի ներկայացնենք ամբողջութեամբ, անոնց մեզի փոխանցած պատմական եւ միաժամանակ այժմէական տեղեկութեանց համար:

Մինչ Սահակ կաթողիկոսի նամակներուն ոճը յստակ է ու խիտ,  լեզուն` աշխարհաբարի գործածութիւնը քերականօրէն ճիշդ է, Մկրտիչ կաթողիկոսին եւ կամ իր քարտուղարին ձեռքով գրուած նամակներուն մէջ կէտադրութեան, ուղղագրութեան եւ քերականութեան օրէնքները` (օրինակ` եզակիի եւ յոգնակիի) չեն յարգուած:

Մենք երկուքի պարագային ալ պահած ենք բնագիրը նոյնութեամբ. միայն Մկրտիչ կաթողիկոսին նամակներուն պարբերութեանց վերջաւորութեան աւելցուցած ենք վերջակէտը:

Այստեղ անհրաժեշտ է նշել, որ կաթողիկոսարանի արխիւատան ճոխ հաւաքածոյի դասաւորման եւ անոնց լոյս ընծայման աշխատանքը վեհափառ հայրապետին համար եղած է, իր կաթողիկոսութեան առաջին մէկ օրէն, առաջնահերթութիւն ունեցող խնդիրներէն մէկը: Առ այդ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան իշխանական նուիրատուութեամբ, արխիւատունը օժտուած է արխիւները ճիշդ ձեւով պահպանելու նպատակին ծառայող արդիական կահաւորումով:

1996-էն սկսեալ, շուրջ երեք տարիներ շարունակ, արխիւներու դասաւորման առաջին դժուարին աշխատանքը կատարած է լիբանանահայ հանրածանօթ մտաւորական, գրող ու դաստիարակ Գրիգոր Շահինեանը, որմէ ետք լոյս ընծայած է երեք յաջորդական հատորներ: Այնուհետեւ, 2006-էն սկսեալ, Երեւանէն հրաւիրուած են մասնագէտներու խումբեր, որոնք գլխաւորութեամբ Հայաստանի Ազգային արխիւի գիտա¬հրատարակչական աշխատանքներու բաժնի վարիչ Գոհար Աւագեանին, պարբերաբար այցելած են կաթողիկոսարան եւ շաբաթներ զբաղած են արխիւատան նիւթերու ուսումնասիրութեամբ, անոնց գիտական արդի մեթոտներով  դասաւորման, գրանցման, ցանկագրման եւ այնուհետեւ համակարգիչին մէջ զետեղման աշխատանքով: Արդարեւ, այս խիստ կարեւոր աշխատանքը կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Վերջին տարիներուն ընթացքին, վեհափառ հայրապետին տնօրինութեամբ, Աթոռիս միաբան հայրերու միջեւ կատարուած է աշխատանքի բաժանում` աստիճանաբար պատրաստելու եւ տպագրութեան յանձնելու համար արխիւատան կարեւոր նիւթերը: Այդ աշխատանքը պիտի համարուի որպէս իրենց վարդապետական եւ ծայրագոյն վարդապետական աստիճաններու ստացման համար գրուած աւարտաճառեր:

Անթիլիասի արխիւներու հրատարակութեան կապակցութեամբ, որքան որ մեզի ծանօթ է, 1996–էն սկսեալ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսած են հետեւեալ չորս աշխատասիրութիւնները.

1.- «Թղթակցութիւն Սահակ Բ. եւ Բաբգէն Ա. կաթողիկոսներու», խմբագիր` Գրիգոր Շահինեան, Անթիլիաս, 1999, 350 էջ:

2.- Շաւարշ Նարդունի, «Աքսորի օրագիր», յառաջաբան` Գրիգոր Շահինեան, Անթիլիաս, 2000, 72 էջ:

3.- «Թղթակցութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երեք կաթողիկոսներու եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Խորէն Ա. Մուրատբէկեանի», խմբագիր` Գրիգոր Շահինեան, Անթիլիաս, 2002, 363 էջ:

4.- Զարեհ Աբղ. Փայասլեան (հետագային` Զարեհ Ա. կթղ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), «Յովհան Ոսկեբերան եւ իր «Մատթէի Մեկնութիւն»-ը,  Անթիլիաս, 2003, խմբագիր` Շահան ծ. վրդ. Սարգիսեան, յառաջաբան` Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 266 էջ:

5.- «Թղթակցութիւն Սահակ Բ. կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի, «Խմբագիր` Վարուժան արք. (կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի հայոց թեմին), Նիկոսիա, Կիպրոս, 2010, 478 էջ:

«Այս հատորը ձեւով մը շարունակութիւնը կը հանդիսանայ», կ՛ըսէ Վարուժան արքեպիսկոպոս իր նախաբանին մէջ (էջ 7), «Գրիգոր Շահինեանի խմբագրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին հրատարակած երկու հաւաքածոներուն.-

ա) «Թղթակցութիւն Սահակ Բ. եւ Բաբգէն Ա. կաթողիկոսներու», 1999:

բ) «Թղթակցութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երեք կաթողիկոսներու եւ Ամենայն հայոց Կաթողիկոս Խորէն Ա. Մուրատբէկեանի, 2002:

Այս հատորի նամակները քաղուած են մեծաւ մասամբ Կիպրոսի թեմի արխիւներէն, մասամբ ալ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի եւ Բերիոյ թեմի արխիւներէն» (էջ 7):

Առ ի գիտութիւն նաեւ յայտնենք, որ այս հրատարակութիւններէն անկախ եւ աւելի առաջ, արդէն լոյս տեսած էին երկու հատորներ, 1996¬ին, Անթիլիասի տպարանէն, իսկ 1997-ին` Երեւանի մէջ: Անոնցմէ առաջինը կը բովանդակէ Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոսին նամակները, իսկ երկրորդը կ՛ամփոփէ իր մէջ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին նամակներն ու վաւերագրերը: Ստորեւ կը նշենք զանոնք:

6.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի երան. Տ. Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս Կիւլէսէրեանին (1868-1936) անտիպ նամակները` ուղղուած Վիեննական Մխիթարեան հայրերուն (1895-1936):

Խմբագրեց Վարդան արք. Տեմիրճեան, միաբան Կիլիկեան Ս. Աթոռի ուխտին, Անթիլիաս, Լիբանան, 1996, 303 էջ:

7.- Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութեան, Գիրք Դ.: Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 1891-1940 թթ. Երեւան, 1997:

590 էջերէ բաղկացած այս մեծածաւալ երախտարժան հատորը կազմած է, ինչպէս «Վաւերագրեր հայ եկեղեցւոյ պատմութեան» անուան տակ բազմաթիւ հաստափոր հատորներ, Սանդրօ Բեհբուդեանը:

Այս պատկառելի հատորի նիւթերուն մասին Ս. Բեհբուդեան իր ներածականին մէջ կը գրէ.

«Սահակ Բ. կաթողիկոսի` սոյն ժողովածուի մէջ ամփոփուած նամակներն ու զեկուցագրերը գրուած են ձեռագիր, որոնց զգալի մասը անընթեռնելի եւ խոնաւցած են եւ վերընթերցումը (վերծանումը) բաւականին ժամանակ եւ աշխատանք էր պահանջում, որը կատարել ենք սիրով: Փաստաթղթերի յայտնաբերումն ու ընտրութիւնը կատարուել է տարիների պրպտումների, ուսումնասիրութիւնների եւ որոնումների շնորհիւ» (էջ 8):

«Հրատարակուող փաստաթղթերը յայտնաբերուել են Հայաստանի Հանրապետութեան պետական կեդրոնական արխիւում պահուող Ս. Էջմիածնի սինոդի (հ. 56), կաթողիկոսական դիւանի (հ. 57), Գերագոյն հոգեւոր խորհրդի (հ. 409), Փարիզի Հայ ազգային պատուիրակութեան (հ. 430), Ֆոնտերից, Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանում պահուող Արշակ Չօպանեանի, Վահան Մալէզեանի եւ Յովհաննէս Ա. քհն. Մկրեանի անձնական արխիւներից» (էջ 9¬10):

Ինչ կը վերաբերի անոնց բացառիկ կարեւորութեան, Ս. Բեհբուդեան քանիցս կը շեշտէ, թէ անոնք ոչ միայն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Կիլիկիոյ հայութեան, այլ ողջ հայ եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից հայոց պատմութեան լուսաբանութեան համար կը բերեն իրենց անփոխարինելի նպաստը: Այն, ինչ որ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ իր «երկու խօսք-ին մէջ ըսած է, «Թղթակցութիւն Սահակ Բ. եւ Բաբգէն Ա. կաթողիկոսներու» գրքին հրատարակութեան առիթով.

«Վստահ ենք, որ ներկայ հրատարակութիւնը կարեւոր նպաստ մը պիտի բերէ ո՛չ միայն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քսաներորդ դարու պատմութեան, այլ նաեւ` ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ու հայ եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան» (էջ 9):

Լոկ ընդհանուր գաղափար մը ունենալու համար Անթիլիասի արխիւատան ճոխ գանձերու հաւաքածոյին մասին, կը մէջբերենք այստեղ գրական, պատմա¬բանասիրական եւ Սուրբ Գրային ծաւալուն հատորներու հեղինակ Բիւզանդ Եղիայեանին վկայութիւնը Սահակ կաթողիկոսի նամակներուն մասին. «Վշտաբեկ կաթողիկոսէն մնացած են ի՛ր իսկ ձեռագրովը գրուած թղթակցութեանց պատճէնները, լման 9 հատորներու մէջ ամփոփուած, իւրաքանչիւրը 500-ական էջ (թիւ 2-ը` 1000 էջ), ընդամէնը 5000 ձեռագիր էջերու վկայագրութիւն մը թանկագին»:

Այնուհետեւ, Բ. Եղիայեան նոյն էջի տողատակի ծանօթագրութեան մէջ կու տայ հետեւեալ յաւելեալ տեղեկութիւնը.¬

«Յիշեալ գիրքերը կը բովանդակեն Սահակ կաթողիկոսի 1914 թուականէն, այսինքն իր կաթողիկոսութեան 11-րդ տարիէն սկսեալ գրած նամակներուն պատճէնները: Անշուշտ ան ունէր նաեւ 1914-ի նախընթաց տասնմէկ տարիներու թղթակցութեանց պատճէնները, բայց անոնք կորսուած են Մեծ եղեռնի ընթացքին Սիսի Աթոռին մէջ մնացած ու փճացուած արխիւներուն հետ: Իսկ չարաղէտ 1914-էն ի վեր իր գրածներուն պատճէններու ծրարները միշտ հետը պտտցուցած է մինչեւ Անթիլիաս հաստատուիլը, 1930-ին, եւ շարունակած է այնուհետեւ եւս գրածներուն օրինակները պահել, մինչեւ իր վախճանումը, 1939» (Ժամանակակից պատմութիւն կաթողիկոսութեան հայոց Կիլիկիոյ» 1914-1972, Անթիլիաս, 1975, էջ 37-38):

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս
Մկրտիչ
Ա. Քէֆսիզեանի Նամակները

Ինչպէս մեր ներածականի առաջին բաժնին մէջ յայտնեցինք, մեզի փոխանցուած նամակներուն շարքին մէջ ժամանակագրականօրէն նախ կու գայ Մկրտիչ կաթողիկոսին նամակներու թղթածրարը: Սակայն նախքան այդ նամակներուն ծանօթանալը` անհրաժեշտ կը նկատենք շատ հակիրճ կերպով անդրադառնալ Մկրտիչ կաթողիկոսի կենսագրութեան: Կարիքը չենք զգար մանրամասնութեանց մէջ մտնելու, քանի որ Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոս իր «Պատմութիւն կաթողիկոսաց Կիլիկիոյ (1441–էն մինչեւ մեր օրերը)», Բ. հրատարակութիւն, Անթիլիաս, 1990, մեծարժէք հատորին մէջ արդէն յատկացուցած է բազմաթիւ էջեր (տեսնել սիւնակ` 693–768): Անոնք, որոնք հետաքրքրուած են անոր կեանքի յաջորդական հանգրուաններուն ունեցած «սխրագործութիւններով», կրնան այնտեղ գտնել բաւարար տեղեկութիւններ:

Մկրտիչ կաթողիկոս ծնած` 1818-ին, աւազանի անունով Կարապետ, բնիկ մարաշցի է: Երիտասարդ տարիքին կ՛ամուսնանայ, սակայն տարի մը ետք իր կինը կը մահանայ: Մուտք կը գործէ Սիսի կաթողիկոսարանը, կուսակրօն հոգեւորական դառնալու նպատակով: Այնտեղ սարկաւագ կը ձեռնադրուի 1845-ին, սակայն իր ուսման ծարաւը յագեցնելու համար կը մեկնի Երուսաղէմ եւ կը դառնայ միաբան Ս. Յակոբայ ուխտին: Աբեղայ կը ձեռնադրուի 1 մայիս 1849-ին: Կը նշանակուի աւագ թարգմանի կարեւոր պաշտօնին, սակայն ծերունազարդ Կիրակոս պատրիարքին վախճանումէն ետք, զմիւռնացի Յովհաննէս պատրիարք,  նիւթական հարցերու մէջ կասկածելի գործունէութիւն ունեցող այլ միաբաններու շարքին, նաեւ Մկրտիչ վարդապետը կը դադրեցնէ աւագ թարգմանի իր պաշտօնէն եւ զայն կ՛ուղարկէ Դամասկոս` իբրեւ հոգեւոր տեսուչ, 1853-ին: Այս հանգրուանէն ետք երեւան կու գայ անոր անհնազանդ, խնդրայարոյց եւ արծաթասէր նկարագիրը:

Բաբգէն Ա. կաթողիկոս Մկրտիչ Քէֆսիզեանի կեանքին եւ գործունէութեան հանգրուանները կը ներկայացնէ հետեւեալ հինգ գլուխներու տակ

Ա.¬ Մկրտիչի առաջին քայլերը եւ Սիս:
Բ.¬ Մկրտիչ` միաբան Երուսաղէմի:
Գ.¬ Մկրտիչ` Կ. Պոլիս եւ առաջնորդ Անկիւրիոյ:
Դ.¬ Մկրտիչ` առաջնորդական փոխանորդ Եգիպտոսի:
Ե.¬ Մկրտիչ` առաջնորդ Հալէպի եւ կաթողիկոս Կիլիկիոյ:

Իր ընդարձակ նկարագրականի եզրակացութեան մէջ Բաբգէն կաթողիկոս Մկրտիչ Քէֆսիզեանի` որպէս սիրուած քարոզիչի, շարականագէտ, ուսումնասէր անձնաւորութեան որոշ դրական արտայայտութիւններ ունենալէ ետք, քանի մը օրինակներով կը բացայայտէ անոր արծաթասիրութիւնն ու փառամոլութիւնը: Ի միջի այլոց կը գրէ, որ հակառակ իրեն ընծայուած բոլոր յարմարութեանց ան չկրցաւ օգտակար հանդիսանալ Կիլիկիոյ Աթոռի կազմակերպութեան «… լքեց Սիսի Մայր Աթոռը… եւ թափառեցաւ Մարաշ, Այնթէպ, Հալէպ… եւ իր աստանդական վիճակին մէջ վախճանեցաւ Հալէպ նոյեմբեր 8 նոյեմբեր 1849¬ին եւ թաղուեցաւ Սրբոց Քառասնից [Մանկանց] եկեղեցւոյ մէջ»:

Իր տապանաքարին վրայ կայ հետեւեալ գրութիւնը` որպէս ամփոփում իր ամբողջ կեանքին ու գործունէութեան «որ իբրեւ արձանագիր շէնք շնորհք ալ չունի» կ՛ըսէ Բաբգէն կաթողիկոս (տեսնել, անդ սիւնակ 768):

– «Ծնեալ 1818 Մարաշ
Դիտէ անցորդ դու զայս տապան
Ուր հանգչի Պետն Կիլիկիոյ Տան
Սուրբ Սիօնի էր Միաբան.
1860 Էջմիածնայ Եպիսկոպոս.
1871 Մկրտիչ Ա. Կաթողիկոս
1894 հանգեաւ եւ եդաւ հոս»:

Առաջին հերթին յայտնեցինք, որ մեր տրամադրութեան տակ գտնուող Մկրտիչ կաթողիկոսին նամակները` Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի նամակներուն նման, բնագիր իսկական օրինակներ են: Անոնք թիւով 10 հատ են եւ գրուած` 5 յուլիս 1888-էն մինչեւ 1 դեկտեմբեր 1890-ի միջեւ: Բոլորն ալ գրուած են բարակ դեղնորակ թուղթի վրայ եւ դժբախտաբար յաճախ օգտագործուած են երկու էջերն ալ: Անոնցմէ ոմանք, հակառակ թուղթին շատ հին ու փխրուն ըլլալուն, տակաւին ընթեռնելի են, իսկ ոմանք, յատկապէս մէկ թերթի երկու էջերու վրայ գրուածները, ճապաղած մելանի ետեւի էջը անցած ըլլալուն պատճառով մեծ դժուարութեամբ կը կարդացուին:

Օգտագործուած թուղթին վերը, ձախ կողմը կայ կարմիր մելանով հետեւեալ գրութիւնը, որ կարծէք կնիք է, քանի որ բոլոր նամակներուն վրայ նոյն ձեւի վերտառութիւն կայ:

Կաթողիկոսարան
ՀԱՅՈՑ

Ի Կիլիկիա
համար …

Ստորեւ կը ներկայացնենք զանոնք համառօտ կերպով:

1.- Նամակը ուղղուած է.

Պատուարժան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողով Բերիոյ
Նամակի համար` 197, գրութեան թուական եւ վայր` 1888 յուլիս 5, Մարաշ, մէկ թերթ, գրուած` երկու էջերուն վրայ:»

Նիւթ` «Սազճի Կարոյին տղուն» ամուսնալուծման եւ վերամուսնութեան հարց: Այս խնդիրը բաւական պիտի երկարի եւ հետագային երկու այլ նամակներու մէջ կրկին պիտի արծարծուի:

2.¬ Նամակը ուղղուած է.

Մեծապատիւ Քաղ[աքական] Ժողով Բերիոյ
Նամակի համար` 265, գրութեան թուական եւ վայր` 1888 սեպտեմբեր 7, Մարաշ: Մէկ թերթ, գրուած` միայն առաջին էջի վրայ:
Նիւթ` բողոք եւ տեղեկագրի պահանջ Մաղաքիա Վարդապետի ազգային կալուածոց յափշտակութեան կապակցութեամբ:

3.¬ Նամակը ուղղուած է.

Արժանապատիւ Սիրելի
Նամակի համար` 299, գրութեան թուական եւ վայր` 1888 հոկտեմբեր 12, Մարաշ, երկու թերթ, գրուած` առաջին թերթի երկու էջերուն վրայ:
Նիւթ` 1888 Յուլիս 5 թուակիր առաջին նամակով արծարծուած ամուսնալուծման եւ վերամուսնութեան խնդրի շարունակութիւնը:

4.¬ Նամակը ուղղուած է.
Պատուարժան Կրօնական Ժողով Բերիոյ

Նամակի համար` 379, գրութեան թուական եւ վայր` 1888 դեկտեմբեր 28, Մարաշ, մէկ թերթ, երկու էջերու վրայ գրուած:
Նիւթ` մկրտութեան, պսակի, ս. պատարագի, թաղման արարողութիւնները եկեղեցիէն դուրս չկատարել: Կ՛ըսէ, հակառակ մեր թելադրութեանց` կը լսեմ, որ զեղծումներ տեղի կ՛ունենան: Օտարազգի հոգեւորականի միջոցով կատարուած նշանի օրհնութիւնն ու պսակադրութիւնը մեր եկեղեցւոյ օրէնքներուն հակառակ է: Նման ամուսնութիւններու պարագային, խնդրոյ առարկայ զոյգը պէտք է զրկել մեր եկեղեցւոյ հաղորդակցութենէն:

Այս նամակի բովանդակութեան կարեւորութեան համար, ստորեւ կը ներկայացնենք զայն ամբողջութեամբ: Արդարեւ, Մկրտիչ կաթողիկոսին կողմէ կատարուած թելադրութեանց շնորհիւ մենք կը ծանօթանանք այդ օրերու Հայ եկեղեցւոյ տեսակէտներուն` ծիսական որոշ խնդիրներու վերաբերեալ:

Պատուարժան Կրօն[Ական]Ժողով Բերիոյ

Մենք արդէն կրօնական զանազան կէտերու վրայ բաւական պատուէրներ եւ հրահանգներ տուած ենք Ձեզ, թէ մկրտութեան, թէ պսակի, թէ թաղման եւ թէ այլ եւ այլ եկեղեցւոյ եւ կրօնի վերաբերեալ կէտերու վրայ, բայց ցաւ ի սիրտ կը լսեմ որ դարձեալ խել մը զեղծումներ տեղի կը գտնեն եղեր այդ տեղ. մինչդեռ օրինագէտ եւ աչալուրջ առաջնորդ մ՛եւս ունենալու կը բաղդաւորիք:

Նախ մենք խստիւ պատուիրած ենք Ձեզ, որ երբէք մկրտութեան Ս. Խորհուրդը եկեղեցիէն դուրս տեղ մը չ՛կատարուի, զի Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցին չ՛ներեր երբէք եկեղեցիէն դուրս թէ մկրտութեան եւ թէ Պատարագի խորհուրդ կատարուելու. բայց ցաւ ի սիրտ կը լսեմ որ այս զեղծումները դարձեալ կը կատարուին եղեր, անշուշտ ասիկա երեք տեսակ թէութիւններէ առաջ կու գայ. առաջինը` շահասիրութիւն. երկրորդը` բարեկամական սէրէն, եւ երրորդը յ՛երկիւղէ, որոց երեքն ալ կղերի մը համար մէկ մէկ թունաւոր միջոց մը կրնայ համարուիլ:

Երկրորդ` Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ օրինաց հակառակ երբեք նշան եւ պսակ չ՛կատարել, իսկ եթէ օտարազգի [եկեղեցականի] միջոցով կատարել տալ ժպրհի ո՛ եւ իցէ Ազգային մը, չ՛ընդունիլ երբեք անիկա եկեղեցական Ս. խորհրդոց հաղորդակցութեան, եւ ի սպառ կտրել երթեւեկութիւնը այնպիսեաց տուները եւ այն ապօրինաւոր ամուսնութենէ յառաջ եկած երեխաները չ՛մկրտել երբեք, մինչեւ որ չարաչար զղջալով Ս. եկեղեցւոյն օրինաց համեմատ չ՛ապաշխարեն ժամանակ մը. արդէն բողոքականութեան մկրտութիւն եւ պսակ բնաւ ընդունելի չէ՛ Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյն:

Երրորդ` խնամութիւն չ՛ընել երբեք որ եւ ի՛ցէ օտարազգի մը հետ. թէեւ այս մասին ց՛արդ լսած չեմ բացայայտ զեղծում մը. ալ չե՛մ գիտեր թէ գաղտնի կերպով բացառութիւն մը եղա՞ծ է:

Չորրորդ` արդէն Ձեր համահաճութեամբ մկրտութեան, պսակի եւ թաղման, Քահանայական` Եկեղեցւոյ` Աթոռային` Առաջնորդական եւ այլ կէտերու վրայ գոյացեալ իրաւանց բաժանումը եւս որոշուած եւ ընդունուած ըլլալով` տարակոյս չ՛ունիմ որ նորա համեմատ ճշդիւ գործադրել կաշխատիք:

Ուստի կը յորդորեմ այժմ հայրական սիրով, կը պատուիրեմ միանգամայն հայրապետական  իշխանութեամբ, որ զգոյշ ըլլալով միշտ այն պատուիրեալ կրօն[ական] եկեղեցական եւ աւանդական զեղծումներէ, հոգ տարէք ջան ի կուրծ, ըստ Ձեր քահանայական բարձր կոչման անթերի կատարել այն ամէն մէկ Ձեզ պատուիրեալ օրէնք եւ հայրապետական կանոնները, որով կարողանայք ըսել թէ «զոր պարտն էաք առնել` արարաք», եւ անշուշտ նովաւ պիտի արժանաւորիք, ըստ Սրբազան առաքելոյն, կրկին պատւոյ. Տէր ինքը մշակ առանց ամօթոյ արասցէ զամենեսեանս ի փառս ամենասուրբ երրորդութեան, այժմ եւ յաւիտեան:

Որ եւ լերուք ողջ եւ անփորձ զօրացեալք միշտ ի Տէր:

Խ. Մկրտիչ Ա. կաթողիկոս Կիլիկիոյ

5.¬ Նամակը ուղղուած է.¬
Պատուարժան Կրօն[ական] եւ Քաղ[աքական] խառն Ժողով Բերիոյ
Նամակի համար` 48, գրութեան թուական եւ վայր` 1889 փետրուար 15, Մարաշ, մէկ թերթ, գրուած` միայն առաջին էջին վրայ:
Նիւթ` թիւ 1 եւ 3 նամակներուն մէջ արծարծուած ամուսնալուծման եւ վերամուսնութեան խնդրի վերջնական լուծում:

 

(Շար. 1)
Անթիլիաս

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )