Հայկազեան Համալսարանի Շրջանաւարտից Գրասենեակ. Թաւջութակի Եւ Դաշնակի Զուգանուագի Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Շրջանաւարտից գրասենեակին երէկ` կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ թաւջութակի եւ դաշնակի զուգանուագի երեկոյ` կատարողութեամբ Շուշան Արթինեանի (թաւջութակ) եւ Մարիա Փալազեանի (դաշնակ):
Շուշան Արթինեան փոքր տարիքէն սկսած է հետեւիլ թաւջութակի դասընթացքներու` Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ, զոր աւարտած է բարձր յիշատակութեամբ: Ան բազմաթիւ անգամներ իր մասնակցութիւնը բերած է զանազան նուագախումբերու ելոյթներուն:
Մարիա Փալազեան եւս փոքր տարիքէն հետեւած է դաշնակի դասընթացքներու` Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին մէջ, զոր աւարտած է փայլուն կերպով: Ան եղած է «Ծիրանի» երգչախումբի դաշնակահարը, ինչպէս նաեւ դաշնակով ընկերակցած է «Ֆայհա» երգչախումբին:
2 արուեստագէտները աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ ներկայացուցին երաժշտական կտորներու փունջ մը, քաղուած` Պրահմզի, Ռախմանինոֆի, Պոչերինիի, Շոփենի, Պախի, Ֆէօրի, Փիազոլլայի եւ Յարութիւնեանի ստեղծագործութիւններէն: Անոնց բարձր կատարումը արժանացաւ ներկաներուն գնահատանքին:

