ՏԷՐ ԶՕՐ`ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ (2)

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Տէր Զօրի մասին պատմական ակնարկը կը սկսինք` ընդգծելով յայտնի անձնաւորութիւններու Տէր Զօր կատարած այցելութիւններով:

Այսպէս, 272 թուականին Զենուպիա թագուհին Փալմիր (Թըտմոր) քաղաքը ձգելով` կ’ուղղուի դէպի Եփրատ, ուր կը հասնի «Տէր» կոչուած վայր մը` Եփրատի եզերքին: Գետը անցնելու համար նաւակ նստելու պահուն ձերբակալուած է: Այս տեղեկութիւնը կը համարուի Տէր Զօրի մասին հնագոյն յիշատակումը:

Իսկ աւելի ուշ, 636 թուականին, արաբական տիրապետութեան ժամանակ, արաբ աշիրեթները կը յաջողին արաբները ազատել հռոմէացիներու եւ պարսիկներու բռնութենէն:

786 թուականին խալիֆա Հարուն Ռաշիտ Տէր Զօրէն կ’անցնի դէպի Ռագգա եւ զայն կը դարձնէ իր ամրոցը: 1696 թուականին յիսուսեան հայր Ժաքոպ Ֆիլիոփ կ’այցելէ Տէր Զօր:

Տէր Զօրի մասին պատմական ակնարկ մը կատարելու համար այստեղ յարմար կը նկատենք ժամանակագրականօրէն անդրադառնալ Տէր Զօրի պատմական կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն, սկսած` հին ժամանակներէն:

640 թուականին իսլամ կրօնը Տէր Զօր մուտք կը գործէ խալիֆա Օմար պըն Ապի Խաթթապի օրով, եւ այդպէս արաբները կը գիտակցին Տէր Զօրի աշխարհագրական, ռազմական եւ տնտեսական կարեւորութեան:

1864-ին օսմանեան բանակը կը հասնի Տէր Զօր: Արաբները կը դիմադրեն: Օսմանցիները, երբ կը կազմեն իրենց վարչական երկրորդ բարենորոգումները, Տէր Զօր կը դառնայ սանճագ:

Տէր Զօր կը տարածուէր Անայի սահմաններէն մինչեւ Մեսքէնէ, որուն կը պատկանէր Փալմիրը` մինչեւ Նըսեպին (Մծբին):

1864-ին առեւտրական առաջին շուկան «Սուք Պերեճիկ» անունը կը ստանայ` ի յիշատակ օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող հայաբնակ Պերեճիկ գիւղէն բերուած ապրանքներուն:

1865-ին Տէր Զօր կը դառնայ գայմագամութիւն, որ կապուած էր ուղղակիօրէն Բարձր Դրան: Խալիլ Սաքեպ Օրֆալլի Տէր Զօրի գայմագամ կը նշանակուի:

1865-ին կը հիմնուի զինուորական առաջին զօրանոցը:

1866-ին Եփրատի եզերքը գտնուող հովիտները կը բաժնուին աշիրեթներու միջեւ:

1868-ին Տէր Զօր կը դառնայ գաւառ (մութասարիֆիէ), կ’անջատուի Հալէպէն եւ ուղղակի կը կապուի Պոլսոյ:

1868-ին Տէր Զօրի կառավարիչ (մութասարեֆ) կը նշանակուի Արսլան փաշա:

1868-ին Տէր Աթիքի մէջ կը կառուցուի Կառավարութեան տունը (կամ` Կառավարութեան պալատ):

1870-ին Տէր Զօր գաւառ ըլլալէ կը դադրի եւ կը կապուի Հալէպի:

1870-ին Տէր Զօր կ’անջատուի Հալէպէն եւ կը դառնայ անկախ գաւառ (սանճագ)` կապուած Պոլսոյ:

1876-ին Տէր Զօր կրկին կը կապուի Հալէպի:

1878-ին անգլիացի արեւելագէտ լէյտի Անն Պլենթի այցելութիւնը Տէր Զօր, ձիեր գնելու նպատակով:

1881-ին Տէր Զօր կ’անջատուի Հալէպէն եւ կը դառնայ անկախ գաւառ:

1882-ին կը կատարուի առաջին մարդահամարը: Բնակչութեան թիւն է 5 հազար մարդ: Քաղաքը կը բաժնուի չորս թաղամասերու. «Ապտուլ Ազիզ», «Ուասաթ» (մէջտեղ), «Ժամէ Քապիր» (մեծ մզկիթ), «Ղարպ» (արեւմուտք):

1893-ին սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի անունով «Համիտիէ» թերթի հրատարակում:

1904-ին Մեծ կամուրջի հիմքերու զետեղում:

1905-ին Հին կամ Փոքր կամուրջի կառուցում:

1911-ին Փալմիր կ’անջատուի Տէր Զօրէն:

1916-ին` համաճարակներ:

1918-ին կը հիմնուի «Չէօլ» թերթը` Ապտիւլ Քատեր պեկի օրով:

1918-ին Ռագգան կ’անջատուի Հալէպէն եւ կրկին կը կապուի Տէր Զօրի:

1924-ին Տէր Զօր կ’անջատուի Հալէպէն եւ կը միանայ Դամասկոսի` Սուրիական ազգային կառավարութիւնը կազմելու:

1932-ին ֆրանսացի զօրավար Տը Կոլ կ՛այցելէ Տէր Զօր` որպէս գնդապետի տեղակալ:

1936-ին կը հիմնուի Ահմատ Մուսթաֆայի «Ֆուրաթ» անունով առաջին տպարանը:

ՏԷՐ ԶՕՐԻ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Տէր Զօրի մէջ պատմական իրադարձութիւններէն կը համարուին ապստամբութիւնները: Ուստի, Տէր Զօրի առաջին ապստամբութիւնը տեղի ունեցաւ 1864-ին: Օսմանեան բանակը կը հասնի Տէր Զօր, ուր տեղի կ’ունենայ ժողովրդային դիմադրութիւն: Օսմանցիները տուրքեր կը պարտադրեն եւ տղամարդիկը կը ձերբակալեն:

Տէր Զօրի երկրորդ ապստամբութիւնը տեղի կ’ունենայ 1871-1874: Կառավարիչ Օմար փաշայի օրով կը պարտադրուին տուրքեր, տեղի կ’ունենան թալան եւ ջարդեր, շատեր կը բանտարկուին:

1889-ին տեղի կ’ունենայ արեւելեան Տէր Զօրի ապստամբութիւնը, որուն ընթացքին կատարուեցան բերքերու թալանում եւ ունեցուածքներու գրաւում:

1895-ին տեղի կ’ունենայ արեւմտեան Տէր Զօրի ապստամբութիւնը, որուն պատճառով տեղի ունեցան բանտարկութիւններ եւ տուրքի գանձում:

1913-ին կը հիմնուի «Ահըտ Ֆուրաթի» կազմակերպութիւնը, որմէ ետք ան կը դառնայ «Ահըտ» կազմակերպութեան կորիզը:

Անդրադառնալով 1914-1918 տարիներուն թուրքերու դէմ ապստամբութիւններուն` կարելի է ըսել, թէ տեղի ունեցան անհատական եւ հաւաքական դիմադրութիւններ: Այդ ապստամբութիւններուն հերոսներն էին` Ռամատան Շլաշ, Մոհամետ Ֆուրաթի եւ ուրիշներ:

1918-ին Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը զինուորական ուժ եւ կառավարիչ սպայ մը կ’ուղարկէ, որպէսզի ռազմական-վարչական գործերը կատարուին Սայքս Փիքոյի համաձայնութեան ծրագրին հիման վրայ:

Ապստամբութիւններու մասին խօսելով` կարելի չէ անտեսել Ռամատան Շլաշի դերակատարութիւնը:

Ան զբաղեցուցած է զինուորական պաշտօններ, իսկ 1919-ին եղած է Ռագգայի զինուորական կառավարիչը:

Տէր Զօրի մէջ Շլաշի ապստամբութիւնը յայտնի էր որպէս այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական եւ ռազմական ամէնէն կարեւոր ապստամբութիւններէն մէկը, քանի որ քաղաքական տեսանկիւնէն Տէր Զօրը դարձուց կեդրոն եւ եղաւ մեկնակէտը Իրաքի ապստամբութեան, իսկ ռազմական տեսանկիւնէն` վտարեց անգլիացիները եւ ազատագրեց Տէր Զօրը:

Տէր Զօրի պատմականը կատարելու համար հարկաւոր է զայն դիտարկել ընկերային եւ աշխարհագրական բաժանումներու ընդմէջէն:

Անապատի մէջ ցեղախումբերու (աշիրեթային) ընկերային կառուցուածքը կազմուած է երեք հիմքերու վրայ.

– Մոլեռանդութիւն եւ աշիրեթային կառուցուածք:

– Տեղափոխութիւն:

– Տնտեսական գործունէութիւն:

Իսկ ցեղախումբերու տեսակները կարելի է սահմանել հետեւեալ ձեւով. ուղտապան աշիրեթներ (շրջող պետեւիներ), խաշնարած աշիրեթներ եւ նստակեաց աշիրեթներ:

Մեր կատարած պատմական ակնարկին մէջ հակիրճ բացատրութեամբ մը տեղ կու տանք նաեւ անապատի աշխարհագրական եւ ընկերային կեանքի բնագաւառներուն: Ուրեմն Տէր Զօր նահանգի անապատը կը բաժնուի երկու մասի.

ա.- Շամի անապատը, որ կը տարածուի Ռագգայի սահմաններէն դէպի Հոմսի սահմանները եւ շարունակաբար` մինչեւ իրաքեան սահմանները. Եփրատի հիւսիսի զուգահեռ մասը, որ կ’ընդգրկէ հետեւեալ խմբաւորումները.

– Մըեզելէ, ուր կ’ապրի մշահատէ ցեղախումբը: Անոր կը պատկանին Ժըպ Թամահ, Սուհ, Սատուն եւ Մսէյետ շրջանները:

– Ֆէյտայի մէջ կ’ապրին իպն մուինկ եւ պայաաթ սապաա ցեղախումբերը:

– Քապաքեպի մէջ կ’ապրին ֆատաան եւ հուէշան ցեղախումբերը:

– Չոլայի մէջ կ’ապրի պուսրայա ցեղախումբը:

– Տֆենէի մէջ կ’ապրի ֆատաան ցեղախումբը:

 

բ.- Ճեզիրայի անապատը, որ կը բաժնուի երկու մասի.

1.- Խապուր գետի արեւելեան շրջանը մեծ բնակչութիւն գոյութիւն չունի. հոն կ’ապրի ըկետաթ ցեղախումբը:

2.- Խապուր գետի արեւմտեան շրջանը` հիւսիսէն մինչեւ Հասաքէի սահմանները եւ արեւմուտքէն Ռագգայի սահմանները. հոն կ’ապրին հետեւեալ ցեղախումբերը.

– Ռուէշետի մէջ կ’ապրի ըկետաթ ցեղախումբը:

– Ժարուանի մէջ կ’ապրի պակկարա ցեղախումբը, որուն կը պատկանին հետեւեալ շրջանները` Ատման Տպես, Պալասեն, Քուեթեր:

– Ապու Խաշապի մէջ կ’ապրի պակկարա ցեղախումբը, ասոր կը պատկանին Սաֆու, Շապութ, Սահու, Ժապլա շրջանները:

– Մալհա Զրոյի մէջ կ’ապրի պակկարա ցեղախումբը:

Այսպէս, պատմագրութեան տեսանկիւնէն, Տէր Զօրի մասին ուսումնասիրութիւնները սակաւ եղած են, հետեւաբար յոյս ունինք, որ ներկայ ուսումնասիրութիւնը որոշ չափով կը յաջողի լոյս սփռել քաղաքի պատմական իրադարձութիւններու մանրամասնութիւններուն վրայ:

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

(Շարունակութիւն 2 եւ վերջ)

Share this Article
CATEGORIES