ՔԷՕԼՆԻ ՄԱՐԶԻՉԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

Ֆրանք Շայեֆըր

Հակառակ անոր որ Քէօլնի մարզիչ Ֆրանք Շայեֆըր նախապէս յայտարարած էր, որ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ իր պաշտօնը, սակայն երէկ ան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը հեռանայ իր պաշտօնէն:

Անցեալ հոկտեմբերին մարզիչի իր պաշտօնը ստանձնած Շայեֆըր ներկայացուց իր հրաժարականը, որովհետեւ նախորդ շաբաթավերջին անոր կազմը կրեց իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը: Ատկէ բացի, Քէօլն իր բերդին մէջ ստացաւ 18 կոլ` վերջին հինգ մրցումներուն:

Ակումբին թեքնիք տնօրէնը` Վոլքըր Ֆինքէ, որ նախապէս եղած է Ֆրայպուրկի մարզիչը, այս տարեշրջանի վերջին երեք մրցումներուն պիտի ստանձնէ ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնը:

 

Share this Article
CATEGORIES