ՀՅԴ-ն Խորհրդակցութիւններու Կը Ձեռնարկէ Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Հետ
Երէկ ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրաւիրեց ասուլիսի մը, որուն ժամանակ հրապարակուեցաւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութիւնը:
«Մեր խնդիրը նախագահ ընտրելու հարցը չէ, այլ` որ գայ մարդ մը, որ պիտի հրաժարի նախագահական կառավարման համակարգէն: Ո՞վ կրնայ ասիկա ընել», լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Նախագահի թեկնածուն պէտք է ըլլայ պետական մտածելակերպով, ճամբայ անցած մարդ, ամէնէն կարեւորը` վստահութիւն ներշնչէ, որ պիտի ստանձնէ այն ամէնը, ինչ որ կ՛առաջարկէ ՀՅԴ-ն իր յայտարարութեան մէջ` կէտ առ կէտ:
Ըստ անոր, եթէ քաղաքական ուժերը համախմբուին հիմնական գաղափարին շուրջ, ապա նախագահի անձին ընտրութեան դժուարութիւնը պիտի ըլլայ նուազագոյն կորուստը: «Մեր խնդիրը այն չէ, որ մէկուն բերենք` պաշտօն տանք: Ան պէտք է գայ յստակ ժամանակացոյցով, լուրջ պատասխանատուութեան առջեւ պիտի կանգնի», յայտարարեց Ռուստամեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այլ կուսակցութիւններու մէջ կը տեսնէ՞ այդ անձը, Ռուստամեան պատասխանեց, որ երբ ՀՅԴ-ն առաջնահերթ չի նկատեր նախագահին անձը, ատիկա եբրեք չի նշանակեր, որ ՀՅԴ-ն նախագահի թեկնածու չունի:
«Մենք թեկնածուի պակաս չունինք: Դաշնակցութեան մէջ նախագահի թեկնածուները շատ են», ընդգծեց Ռուստամեան: Ան աւելցուց, որ այլ ուժերու գործիչներէն ոչ մէկը կը թերագնահատէ, կարեւորը` խնդիրին լրջութիւնը հասկնալն է:
Խորհրդարանական կառավարման համակարգի անցնելու` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ցանկութեան մասին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան գոհունակութեամբ լսած է:
Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին խօսելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութեան մասին` ան ընդգծեց, որ ասիկա ամբողջական ծրար մըն է, որ չէ ձեւաւորուած մէկ-երկու օրուան ընթացքին: ՀՅԴ-ն այդ ամէնը նախապէս յայտարարած էր:
«Մէկը միւսէն առաջ անցնելու խնդիրը չէ, խնդիրն այն է, թէ որքա՛ն լրջօրէն բոլոր քաղաքական ուժերը պիտի ուսումնասիրեն մեր առաջարկած այս ծրագիրը: Բոլոր կէտերուն շուրջ պատրաստ ենք բանավիճելու, զանոնք քննարկելու», նշեց Ռուստամեան` աւելցնելով, որ ասիկա է այն ճիշդ ծրարը, որուն շուրջ պէտք է համախմբուիլ:
Խորհրդարանական կառավարման համակարգին անցնելու` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ցանկութեան վերաբերեալ դրական արտայայտուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան: Ան դրական նկատեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ խօսեցաւ կառավարման համակարգի փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին: Վարդանեան չբացառեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան այսպիսի քայլը թերեւս նախագահական ընտրութիւններէն առաջ որոշակի մարտավարական նպատակ կը հետապնդէ, բայց նոյնիսկ այդ պարագային, ըստ անոր, էութիւնը չի փոխուիր:
Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը հարցը քննարկելու համար պիտի հանդիպին շաբաթ օրը: ՀՅԴ-ն քննարկումներու համար պիտի դիմէ բոլոր քաղաքական ուժերուն, որոնց շարքին նաեւ Հանրապետական կուսակցութեան:

