Վարդան Մինասեան Նշանակուեցաւ Փիւնիկի Գլխաւոր Մարզիչի Պաշտօնակատար
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան դարձեալ պիտի գլխաւորէ Փիւնիկը: Ան հանդէս պիտի գայ իբրեւ խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատար:
Ան այժմ պիտի պատրաստուի յառաջիկայ 11 նոյեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք Փիւնիկ – Ուլիս մրցումին:
Փիւնիկի պատասխանատուները որոշեցին խումբի գլխաւոր մարզիչ Սուրէն Չախալեանը պաշտօնէ դադրեցնել` նկատի ունենալով, որ ան խախտած էր մարզական կարգապահութիւնը:
Նոյն պատճառով որոշուեցաւ պաշտօնէ արձակել նաեւ խումբի բժիշկ Վարդան Յովասափեանը:
Վերոնշեալ երկուքին ճակատագիրին ենթարկուեցաւ նաեւ բերդապահներու մարզիչ Արթուր Աւագեան:
CATEGORIES Մարզական


