Ֆորմիւլա-Ռընոյի Ախոյեանութիւն. Շահան Սարգիսեան Պիտի Մասնակցի Ձմեռնային Հանգրուանի Կարգ Մը Մրցումներուն
Լիբանանցի փորձառու վարորդ Շահան Սարգիսեան, որ մաս կը կազմէ անգլիական «Էմ. թեք-լայֆ» խումբին, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ֆորմիւլա-Ռընոյի ախոյեանութեան ձմեռնային հանգրուանի կարգ մը մրցումներուն, որոնց կարգին այս շաբաթավերջին Ռոքինկհեմի վազքուղիին վրայ տեղի ունենալիք մրցումը:
Կը կարծուէր, որ ան հանգիստի կարճ ժամանակաշրջան մը պիտի ունենայ, սակայն 2012 տարեշրջանին անոր արձանագրած փայլուն արդիւնքները եւ անոր ապահոված 17 կէտը պատճառ դարձան, որ ան մաս կազմէ ցանկին այն 20 վարորդներուն, որոնք պիտի մասնակցին ձմեռնային հանգրուանի մրցումներուն:
«Նմանօրինակ բացառիկ առիթ մը չեմ կրնար մերժել, ինչ որ ինծի յաւելեալ փորձառութիւն մը պիտի տայ լաւապէս պատրաստուելու համար 2013 տարեշրջանին, որուն ազդանշանը պիտի տրուի ապրիլ 2013-ին», ըսաւ Սարգիսեան:
CATEGORIES Մարզական

