Հայ Գիրքի 34-րդ Համահայկական Ցուցահանդէսին Առիթով. Հայ Գիրքը Կը Հրաւիրէ Ձեզ…

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Սիրելի ընթերցողներ, գրասէրներ, աշակերտներ: 34-րդ անգամ ըլլալով` կը հրաւիրեմ ձեզ իմ ցուցահանդէսին, կիրակի, 11 նոյեմբերէն սկսեալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի շրջափակը:

Շնորհակալութիւն վեհափառին` Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ կը շարունակէ գիրքերու հետ իր մտերմութիւնը, կը թելադրէ մեզի, որպէսզի անտէր չթողունք հայ գիրքը:

Գիրքերը դարձեալ կը հրաւիրեն մեզ զրոյցի` նստելու իրենց հետ: Գիրքերը կը խօսին, գիրքերը կ՛երգեն, գիրքերը կու լան: Անոնք հարցումներ կ՛ուղղեն մեզի: Կարդացի՞ր այսօր քանի մը էջ Սայաթ Նովայի մասին: Անոր ծննդեան 300-ամեակն է: Ոմանք կ՛ըսեն, թէ ծնած է 1712-ին, որ կ՛ընէ 300 տարի: Պարոյր Սեւակ հաստատած է, որ Սայաթ Նովա ծնած է 1722-ին, այսինքն տասը տարի ետք պիտի ըլլայ 300 տարի: Հոգ չէ, տասը տարի կը շարունակենք խօսիլ, գրել ու երգել Սայաթ Նովայի մասին: Ի՜նչ քաղցր են անոր երգերը: Հաւատալիք բա՞ն է, որ 300 տարի անցնի եւ տակաւին մնան թարմ ու հնչեղ, յուզիչ եւ սրտամօտ:

Սիրելի աշակերտներ եւ ընթերցասէրներ: Միայն այս չէ կարդալիք գիրքը, ընտրէ քու նախասիրած գիրքդ եւ կարդա: Համակարգիչը սորվէ, բայց մի՛ ըսեր, որ գիրքը համակարգիչէն կը կարդամ: Համակարգիչը մեքենայ է, բայց գիրքը ունի մագնիսական տարբեր ուժ, որ պարփակուած է էջերուն մէջ: Երբ կը դարձնես էջերը, կը զգաս, թէ գրողը, գրաշարը, տպագրիչը, կազմարարը աշխատանք տարած են գեղեցիկ գիրք մը ներկայացնելու: Սիրէ գիրքը, որ բնաւ ժամանակավրէպ չէ:

Գիրքերը կ՛ուրախանան, երբ խօսիս իրենց հետ. կու լան, երբ արհամարհես զիրենք, երբ գրադարանին փոշիներուն տակ պահես: Լաւ գիրքերը լաւ բարեկամներ են: Ունինք աղօթքի, հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան, բանաստեղծութեան, վէպի եւ պատմուածքի յատուկ գիրքեր: Կան երգարաններ: Ուրեմն գիրքերը նաեւ կ՛երգեն մեր աշուղներուն, մեր քաջերուն, մեր սուրբերուն, մեր Կոմիտասին եւ Սայաթ Նովային ձայներով: Ընտրէ գիրք մը, որ չմոռնաս հայոց լեզուն, որ լաւ ճանչնաս Մեսրոպ Մաշտոցը: Եթէ օր մը ելեկտրականութիւն չունենաս եւ խանգարուի համակարգիչդ, եթէ «վայրըս»-ներ ընդմիջեն մեքենայ ֆէյս պուքերուն ցուցադրութիւնը, պիտի յիշես ու հաստատես, թէ ոչ ոք կրնայ խանգարել գիրքին մտերմութիւնը` ափերուդ մէջ սեղմուած: Գիրքը կ՛ուրախանայ որ իր բարեկամն ես:

Սիրելի հայորդի, մի՛ մոռնար զիս, ես քու ընկերդ եմ, քու լեզուդ կը խօսիմ: Եթէ մոռնաս զիս, եթէ կորսնցնես զիս, դուն ալ հետս կը կորսուիս, կը մոռնաս անունդ, կը դադրիս հայ ըլլալէ:

Հայ գիրքը կը պահէ հայոց լեզուն: Պաշտպանէ զիս, հա՛յ աշակերտ, հա՛յ մարդ, հա՛յ մայր: Քու անունովդ կը պահեմ քու լեզուդ, այսինքն` մայրենի լեզուն…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES