ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. «ՄԵՆՔ ՀՊԱՐՏ ԵՆՔ` ՄՇԱԿՈՅԹՈՎ, ՍԻՐՈՎ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒՈՂ ԱԶԳԻ ՄԸ ՄԵՐ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՄԲ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

«Հակառակ Ցեղասպանութեան ու մեր կրած տառապանքներուն, մենք հպարտ ենք մեր պատկանելիութեամբ ազգի մը, որուն հիմնասիւները կը կազմեն մշակոյթը, սէրն ու հաւատարմութիւնը», յայտարարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան երկուշաբթի, 25 ապրիլի յետմիջօրէին, ասորիներու Պաուշրիէի կեդրոնին մէջ ասորիներու ցեղասպանութեան առիթով կազմակերպուած ոգեկոչումի ձեռնարկին ընթացքին:

Հայ, ասորի թէ քաղդէացի ժողովուրդներուն դէմ օսմանցիներու կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութեանց 96-ամեակի ոգեկոչման այս ձեռնարկին ներկայ էին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան խորհուրդի անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեան, եւ այլ կուսակցական, պետական թէ հոգեւոր բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը:

Այս առիթով խօսք առնողներու շարքին էին նաեւ երեսփոխան Ալեն Աուն եւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, որոնք դատապարտելով գործուած Ցեղասպանութիւնը` քննադատեցին Թուրքիոյ շրջանային քաղաքականութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES