50 Տարի Առաջ (12 Նոյեմբեր 1962)

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի
Նոր
Վարչութիւնը

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Պէյրութի մասնաճիւղի անդամական ընդհ. ժողովը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 30 հոկտեմբեր 1962, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին: Ներկայ էին մեծ թիւով անդամուհիներ:

Օրակարգի գլխաւոր կէտերն էին` Պատգամաւորական ժողովի զեկուցում, նախորդ վարչութեան տարեկան գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագրի ընթերցում եւ նոր վարչութեան ընտրութիւն:

Ներկաներու մեծամասնութեան ձայնով ընտրուեցան հետեւեալ անդամուհիները.

Ալիս Յարութիւնեան, Բրաբիոն Բարունակեան, Լիլի Աթթարեան, Սիրուն Կիւրեղեան, Ռեպեքա Վարդիվառեան, Վարդուհի Ահարոնեան, Ռամելա Աքեան, Վերժին Քոջաքեան, Ալիս Տէր Պապեան, Սոնա Բալուլեան, Մաթիլտ Պուտագեան-Քէշիշեան:

Ժողովի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ կարճ գեղարուեստական բաժին մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին` Մաթիլտ Պուտագեան-Քէշիշեան, Լիլի Աթթարեան եւ Բալուլեան: Եղաւ հիւրասիրութիւն: Անդամուհիները մեկնեցան գոհ տրամադրութեամբ:

Իտալահայ Նկարիչ
Ճոն
Փափազեան Պէյրութի Մէջ

Երկու օր առաջ խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք այցելութիւնը իտալահայ արուեստագէտ նկարիչ Ճոն Փափազեանի, որ նոյեմբեր 14-ին ցուցահանդէս մը պիտի տայ «Լա Լիքորն» ցուցասրահին մէջ, Մատամ Քիւրի փողոց:

Ճոն Փափազեան, զաւակը` եգիպտահայ Ժիւլ Փափազեանի, տարիներէ ի վեր կը մնայ Իտալիա, Հռոմ, ուր կը հետեւի Աքատեմի տէ պօ զ՛արի:

Փափազեան, իր իսկ խոստովանութեամբ, դասական նկարչութենէն անցած է վերացականի: Այս փոփոխութիւնը եղած է անզգալաբար, առանց ճիգի: Արդարեւ, իր նկարչական ուսումը եղած է դասական: Իր նկարչութեան մէջ ամէնէն աւելի աչքառուն շարժումն է, գոյներու ներդաշնակութիւնը: Փափազեան այդ շարժումը կը կոչէ յաւիտենական շարժումը:

Հռոմի մէջ կազմակերպած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ եւ արժանացած` մեծ գնահատանքներու: Իր վերջին ցուցահանդէսը տեղի ունեցած է Սան Մարքօ ցուցասրահին մէջ:

«Լա Լիքորն»-ի մէջ տեղի ունենալիք ցուցահանդէսին պիտի ցուցադրուին 30 նկարներ:

Վստահ ենք, որ գեղարուեստասէր հասարակութիւնը հետաքրքրութեամբ պիտի երթայ` դիտելու Փափազեանին գործերը:

Գարեգին Վարդապետ
Ֆրանսական
Պատկերասփիւռէն

Ֆրանսական պատկերասփիւռի հանդիսականները առիթն ունեցան անցեալ ուրբաթ իրիկուն, «5 սիւնակ Ա. էջին վրայ» յայտագրին առաջին մասին մէջ տեսնելու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դէտը` Գարեգին վրդ. Սարգիսեան: Արդարեւ, ոչ կաթողիկէ դէտերու կարգին, ֆրանսական պատկերասփիւռին տեղեկատու Միշել Փերիքար կարճ, այլ շահեկան տեսակցութիւն մը ունեցաւ Գարեգին վարդապետին հետ:

Ստորեւ` այդ տեսակցութեան ներածումին եւ զրոյցին բնագիրը.-

Ժողովին կը մասնակցին ոչ կաթողիկէ կրօնի բազմաթիւ եկեղեցիներու դէտեր: Ասիկա փաստ մըն է երկուստեք խօսակցութեան մը նոր կամեցողութեան: Բայց ասիկա չի ջնջեր այն մեծ դժուարութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին կրօններու միջեւ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչն է որ հիմնապէս կը բաժնէ Հայց. առաքելական եկեղեցին` Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցիէն:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- (Գարեգին վրդ. Սարգիսեան).- Ի մէջ այլոց, պէտք է ըսել, թէ կարեւորագոյն տարբերութիւնն այն է, որ Կաթողիկէ հռոմէական եկեղեցին պապին անսխալականութեան հրամանակարգ վարդապետութիւնը հռչակած է եւ` անոր բացարձակ առաջնութիւնը: Արդ, կը խորհինք, ինչպէս միւս ուղղափառ եկեղեցիները, որոնք առաքեալներու կողմէ հիմնուած են, այդ եկեղեցիներու պետերը հաւասար են. եւ այդ բացարձակ առաջնութիւնը եւ այդ անսխալականութիւնը վարդապետութիւն մըն է, զոր մեր եկեղեցին երբեք չէ ընդունած եւ կը կարծեմ, թէ չենք կրնար ընդունիլ»:

Գարեգին վրդ. Սարգիսեանի յայտարարութեան մօտեցող տեսակէտ մը կ՛արտայայտէր, քանի մը օր ետք, Անկլիքան եկեղեցւոյ հովուապետը:

Արդարեւ, Ուաշինկթընի մէջ, մամուլի ազգային ակումբին հիւր Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը` տոքթոր Ռամսէ յայտարարած է, թէ առ այժմ պապին անսխալականութեան եկեղեցւոյ հրամանակարգ վարդապետութիւնը միութեան բացարձակ արգելք մըն է Հռոմի եւ Բողոքական եկեղեցւոյ միջեւ: Այնուհանդերձ, աւելցուցած է տոքթ. Ռամսէ, այս պատնէշը կրնայ անհետանալ, եթէ կաթողիկէ եկեղեցին փոխէ իր բացարձակ հեղինակութեան ըմբռնումը եւ սահմանումը:

 

Հայկական Կեանք

35 Նորագիրներ Կը Միանան
Դաշնակցութեան
Շարքերուն

Անցած երեքշաբթի, 6 նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պէյրութի Քարանթինայի ՀՅ Դաշնակցութեան ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ընդհանուր հաւաքոյթ մը, որուն կը մասնակցէին ոչ միայն շրջանի, այլ նաեւ «Պալաքեան» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէութեանց ընկերները:

Օրուան դասախօսն էր ամերիկահայ մեր մեծ ընկերներէն` ընկ. Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան, որ հետաքրքրական դասախօսութիւն մը տուաւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու կուսակցական եւ ազգային կեանքին մասին:

Դասախօսութենէն ետք, խանդավառ եւ յուզիչ մթնոլորտի մը մէջ, ընկ. Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան ստանձնեց 35 նորագիրներու, որոնք տպաւորիչ արարողութեան մը ընթացքին ուխտեցին ծառայել հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին` Դաշնակցութեան դրօշին տակ:

Բոլոր ընկերները, ոգեւորուած 35 երիտասարդ նորագիրներու սրբազան ուխտով, միաբերան երգեցին «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» յեղափոխական երգը եւ շնորհաւորեցին նորագիրները` զանոնք ընդունելով ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքէն ներս:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES