Տէ Ռոսսի Դուրս Մնաց Իտալիոյ Կազմէն

Միջնապահ Տանիելէ Տէ Ռոսսի, որ նախորդ շաբաթավերջին Հռոմի տերպիի մրցումին կարմիր քարտ մը ստացած էր մրցակից կազմի մը մարզիկին հարուած հասցուցած ըլլալուն համար, դուրս մնաց Իտալիոյ կազմէն, որ վաղը ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը ունի կատարելիք Ֆրանսայի դէմ:

Ա. Էս. Ռոմայի մաս կազմող Տէ Ռոսսի հարուածած էր Լացիօ Ռոմայի մարզիկներէն Շթեֆանօ Մաուրիի դէմքին:

Նշենք, որ ան նախորդ տարի Սլովենիոյ դէմ տեղի ունեցած Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցումին կախակայուած էր մարզիչ Չեզարէ Փրանտելիի կողմէ, որովհետեւ Շախտիոր Տոնեցքի դէմ («Չեմփիընզ լիկ») այլ հարց մը ունեցած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES