50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 29 ԱՊՐԻԼ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՏԸ ԿՈԼԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Չորս օր ամբողջ Ֆրանսա ապրեցաւ ճգնաժամային օրեր: Բայց մարդու մը վճռակամութիւնը, պարտականութեան խոր գիտակցութիւնն ու անսահման հայրենասիրութիւնը բաւական եղան, որ միլիոնաւոր բազմութիւններ մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնին պաշտպանելու համար այն, ինչ որ Ֆրանսայի էութիւնը կը կազմէ, անոր գոյութեան իմաստը, այսինքն` սահմանադրական եւ ժողովրդավարական այն կարգերը, որոնց վրայ հիմնուած է Մեծ յեղափոխութիւններու երկիրը:

Սենեկալի նախագահ Սենզոր լաւագոյնս խորհրդանշած եւ բնորոշած եղաւ մարդը` յայտարարելով. «Մարդ մը, որ ի գին իր կեանքին ու իր երկիրը քաղաքացիական պատերազմի մէջ մտցնելու, կը պահէ իր խոստումը` անկախութիւն տալու այլ ժողովուրդի մը, արժանի է մեր անվերապահ յարգանքին: Ընդունեցէք, որ նման մարդիկ դժուար է գտնել մեր օրերուն»:

Այդ մարդը եղաւ զօրավար տը Կոլ:

Դեռ շատ պիտի խօսուի ապրիլ 22-ի բռնահարուածին մասին, որուն հեղինակները եղան ռազմադաշտերու վրայ փառքի ու պատիւի արժանացած խումբ մը զօրավարներ: Այդ բռնահարուածին եւ անոր ձախողութեան անմիջական եւ հեռաւոր դասերը պիտի քաղուին անշուշտ: Բայց ինչ որ առաջին հերթին աչքի կը զարնէ, Ֆրանսայի ժողովուրդին միահամուռ կեցուածքն է իր նախագահին կողքին, Ալճերիոյ հարցին հանդէպ ազատական քաղաքականութիւն մը կիրարկելու անոր որոշման մէջ:

Այս շաբթուան դէպքերը ցոյց կու տան, թէ ֆրանսացի ժողովուրդը կ՛ուզէ մէկ անգամ ընդմիշտ փակուած տեսնել Ալճերիոյ հաշիւը` շուտափոյթ հաշտութեան մը կնքումով: Եօթը տարի շարունակ Ֆրանսա արիւն քամեց Ալճերիոյ մէջ, իր լաւագոյն զաւակները զոհուեցան դատի մը համար, որ այսօրուան յեղաշրջուող աշխարհին մէջ անիմաստ է եւ անյոյս:

Ժողովուրդներու անկախութեան այս ժամանակաշրջանին որեւէ տիրապետութիւն, որքան ալ հին եղած ըլլայ եւ` ի՛նչ պայմաններ ալ ստեղծած, չի կրնար յարատեւել: Կարելի չէ պատմութեան անիւը ետ դարձնել: Ընդհակառա՛կն, մեծ է ու յաւիտենական այն երկիրը, որ կը հետեւի անոր ընթացքին եւ հեռանկարներու կը յառէ իր աչքերը` անմիջական տպաւորութիւններու ազդեցութենէն ձերբազատելով:

Զօրավար տը Կոլ` «շարժման մէջ եղող աշխարհի» խորունկ գիտակցութիւնն ունեցող մարդ, անխնայ եղաւ իր զէնքի երբեմնի ընկերներուն հանդէպ, երբ Ֆրանսայի գերագոյն շահերը խնդրոյ առարկայ էին ու, մանաւանդ, Ֆրանսայի համբաւը վտանգուած էր համաշխարհային հանրային կարծիքին առջեւ:

Հիմա ընդհանուր կարծիքն այն է, թէ այլեւս ոչ մէկ խոչընդոտ գոյութիւն ունի Փարիզի կառավարութեան եւ Ալճերիական հանրապետութեան առժամեայ կառավարութեան միջեւ բանակցութիւններու ձեռնարկելու համար:

Արդէն իսկ ալճերիացիք պատրաստակամութիւն կը յայտնեն անմիջապէս երթալու ժամադրավայր` ֆրանսացի բանագնացներու հետ հանդիպում ունենալու համար:

Երկրորդ երեւոյթ մը եւս արժանի է ուշադրութեան: Ֆրանսայի համայնավար կուսակցութիւնը, Ալժէի ըմբոստութենէն անմիջապէս ետք, թէեւ կեցաւ տը Կոլի կողքին, բայց այդ դիրքորոշումը զուրկ չէր շահախնդրութենէ: Տը Կոլ անմիջապէս զգաց վտանգը եւ խուսափեցաւ ժողովրդական միլիսներ կազմելու գաղափարէն, որ առաջին վայրկեանի խուճապին մէջ ծնունդ առած էր կարգ մը ղեկավարներու մտքին մէջ: Ֆրանսայի համայնավար կուսակցութիւնը չուշացաւ քննադատելու տը Կոլի այս որոշումը, որ ի դերեւ կը հանէր երկրին մէջ խռովութիւններ ստեղծելու եւ այդ խռովութիւններէն օգտուելով` քաղաքական նպատակներ իրագործելու իր յոյսերը: Ֆրանսայի նախագահը պայքարեցաւ երկու ճակատի վրայ: Ճիշդ է, որ յենակ ունեցաւ ձախակողմեան ուժերը, բայց երբեք չինկաւ ձախերու խաղին մէջ ու դիմեց դասական միջոցներու, բանակին, պետութեան կամքը պարտադրելու համար ըմբոստներուն:

Այս պարագան եւս ցոյց կու տայ տը Կոլի խոր ըմբռնումը եւ անոր վայելած լայն ժողովրդականութիւնը Ֆրանսայի մէջ:

Այժմ փորձութեան օրերը անցած են եւ յունիս 18-ի մարդուն պայծառ դէմքը դարձեալ իր շուրջ համախմբած է ազգին ներզօր ուժերը` մեծ յոյսերու ակնկալութեամբ:

Յուսալից են մանաւանդ բոլոր անոնք, որոնք Ֆրանսան կ՛ուզեն տեսնել իր իսկական դերին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES