Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Կը Յայտարարէ. Թուրքիա Հայկական Հարցին Վերաբերեալ Ժապաւէններ Պիտի Նկարահանէ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտարարած է, որ կը պատրաստուին հայկական հարցին վերաբերեալ պատմական իրողութիւնները ներկայացնող գեղարուեստական եւ վաւերագրական ժապաւէններ նկարահանելու: Ան աւելցուցած է, որ անոնք միջազգային հանրութեան մօտ մեծ արձագանգ պիտի ունենան:
Արընչ Թուրքիոյ խորհրդարանի պիւտճէի ձեւաւորման յանձնախումբին մէջ շարք մը նախագիծերու ֆինանսաւորման քննարկումներու ժամանակ խօսած է նաեւ աշխարհի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ պայքարի նոր միջոցներու մասին:
CATEGORIES Հայկական

