Թրքական Պեշիքթաշը Պատրաստ Է Արազ Օզպիլիսի Համար Ռուսական Ակումբին Վճարել 750 Հազար Եւրօ

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական Պեշիքթաշ ֆութպոլի ակումբը մօտէն հետաքրքրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող յառաջապահ Արազ Օզպիլիսով:

Պեշիքթաշ, որ կը փորձէ զօրաւոր խումբ մը պատրաստել, սկսած է բանակցութիւններ կատարել հոլանտական Այաքս Ամսթերտամի նախկին մարզիկ, այժմ Քրասնոտարի Քուպան խումբին մաս կազմող հայազգի Օզպիլիսը ձեռք ձգելու համար:

Թրքական ակումբը ամէն գնով կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Օզպիլիսը` անոր փոխանցման համար ռուսական ակումբին վճարելով 750 հազար եւրօ, իսկ Օզպիլիսի տարեկան աշխատավարձքը պիտի ըլլայ 600 հազար եւրօ:

Կը կարծուի, որ Պեշիքթաշ արդէն իսկ ստացած է Օզպիլիսի վերաբերեալ բոլոր տեղեկութիւնները եւ վիճակագրական զեկուցումները:

Share this Article
CATEGORIES