ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱ. ՊՈՐՈՒՍԻԱ ՏՈՐԹՄՈՒՆՏ ՎԱՂԸ ԿՐՆԱՅ ՏԻՏՂՈՍԻՆ ՏԻՐԱՆԱԼ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Պունտըսլիկա) 32-րդ հանգրուանը կը սկսի այսօր` երկու մրցումով: Վաղը տեղի կ՛ունենան մնացեալ եօթը ճակատումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ, որ վաղը պիտի հիւրընկալէ Նիւրեմպերկը, կրնայ տիտղոսին տիրանալ եթէ արձանագրելիք իր յաղթանակին կողքին իր անմիջական մրցակիցը` Պայէր Լեւերքուզըն ձախողի յաղթական վերադառնալ Քէօլնի դաշտէն:
Տարեշրջանին աւարտէն երեք հանգրուան առաջ, այժմ Տորթմունտ հինգ կէտի առաւելութիւն մը ունի Լեւերքուզընի վրայ:
32-րդ հանգրուանը պիտի աւարտի Պայէրն Միւնիխ – Շալքէ ճակատումով:
Ստորեւ կու տանք 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն գրաւած դիրքերը).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Քայզըրսլաութըրն (12) – Զանքթ Փաուլի (18) 21:30
Վերտըր Պրեմըն (11) – Վոլֆսպուրկ (16) 21:30
ՎԱՂԸ
Քէօլն (14) – Պայէր Լեւերքուզըն (2) 16:30
Պորուսիա Տորթմունտ (1) – Նիւրեմպերկ (6) 16:30
Համպուրկ (7) – Ֆրայպուրկ (8) 16:30
Հանովըր-96 (3) – Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ (17) 16:30
Հոֆընհայմ (9) – Շթութկարթ (13) 16:30
Մայնց-05 (5) – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ (15) 16:30
Պայէրն Միւնիխ (4) – Շալքէ (10) 19:30