ՆԱԶԻԿ ԱՒՏԱԼԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ՅԱՋՈՂ ՎԻՐԱԲՈՒԺՈՒԹԵԱՆ
Էրեբունի բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունքի տնօրէն Յարութիւն Մանկոյեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ Եւրոպայի եւ աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեան Նազիկ Աւտալեանի վիրաբուժութիւնը, որ տեւեց հինգ ժամ, շատ յաջող անցաւ: Այդ վիրաբուժութենէն ետք ան արդէն իսկ ուշքի եկած է եւ գտած ինքզինք:
26 ապրիլին Գիւմրի- Վանաձոր մայրուղիին վրայ ինքնաշարժի արկածի ենթարկուած Աւտալեանի առողջական վիճակին մասին կատարուած լաւ յայտարարութենէն ետք, այժմ կ՛ակնկալուի, որ ուրախալի յայտարարութիւն կատարուի նաեւ անոր ապագային գծով, որպէսզի ան կարենայ իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել:
CATEGORIES Մարզական