Ճատրակ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Նանոր Առնելեան Արձանագրեց Յաջորդական Երկու Յաղթանակ
Մարիպորի մէջ (Սլովենիա) տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումներուն, երէկ կատարուեցան 9-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Աղջկանց 8 տարեկանէն վար Լիբանանի ախոյեանը յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ մրցումներ կատարելով արձանագրել յաջորդական երկու յաղթանակ եւ երեքի բարձրացնել իր կէտերուն ընդհանուր հաշիւը: Ան երէկ յաղթեց իր ռուս մրցակիցին, իսկ նախանցեալ օր` իր նամիպիացի մրցակիցին:
Տղոց 8 տարեկանէն վար Լիբանանի ախոյեան Հրակ Լախեան` վերջին երկու օրերուն պարտուելով, մնաց երեք կէտով:
Վերջապէս, 12 տարեկանէն վար Լիբանանի ախոյեան Քարլօ Դարբինեան, իր տրամադրութեան տակ ունի 2 կէտ` նկատի ունենալով, որ ան երէկ պարտուեցաւ, իսկ նախանցեալ օր հաւասարութիւն արձանագրեց իր սլովենիացի մրցակիցներէն:
CATEGORIES Մարզական


