ԴՈԿՏ. ՄԱՐԱԼ ԹԻՒԹԵԼԵԱՆ – ԿԻՏԱՆԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՓԱՐԻԶ-21» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Վիճակագրութեան Կեդրոնական վարչութեան տնօրէն դոկտ. Մարալ Թիւթելեան-Կիտանեան անցնող երեք օրերուն ընթացքին Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ «Փարիզ-21» կազմակերպութեան տարեկան ժողովին` Համաշխարհային գործադիր խորհուրդի ընտրուած անդամի իր հանգամանքով:

Խորհուրդը ՄԱԿ-ի վիճակագրական յանձնախումբէն, ԵՈՒՐՈՍԹԱԹ-էն, Տնտեսական եւ բարգաւաճման հարցերով համագործակցութեան կազմակերպութենէն, Միջազգային դրամական ֆոնտէն եւ Միջազգային դրամատունէն զատ կ՛ընդգրկէ չորս պետութիւններ` Ֆրանսա, Բրիտանիա, Լիբանան եւ Ֆիլիփեան կղզիներ:

 

Share this Article
CATEGORIES