ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՄ-Ի ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները եւ Լիբանանի այլ համալսարաններ յաճախող հայ ուսանողութիւնը:
Ողջունելով երիտասարդութիւնը` նախարարը կարեւոր նկատեց այն, որ երիտասարդները հայրենիքի մէջ են յատկապէս այս օրերուն, երբ կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակը:
Նախարար Յակոբեան ներկայացուց Հայաստանի նախագահին կողմէ սփիւռքի նախարարութեան առջեւ դրուած երեք կարեւորագոյն խնդիրները` հայապահպանում, հայ ներուժի յայտնաբերում` ի շահ հայրենիքի հզօրացման եւ հայրենադարձութիւն:
«Ճիշդ է, սփիւռքը բազմակարծիք եւ բազմաշերտ է, սակայն համահայկական, համազգային հարցերու մէջ բոլորս պէտք է միասնական եւ մէկ մտածողութիւն ունենանք եւ ատիկա, կը կարծեմ, արդէն այդպէս է, որովհետեւ չկայ հայ մը, որ անտարբեր ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան խնդիրներուն մէջ: Եւ բոլորս միասին, համախմբուած պէտք է պայքարինք սփիւռքի ուծացման դէմ, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելու եւ Հայաստանը զօրացնելու համար: Միայն այս հարցերուն մէջ համախմբուածութեան իբրեւ արդիւնք մենք պիտի ունենանք բոլորիս երազած հզօր Հայաստանը, բոլորիս համար ցանկալի հզօր հայրենիքը», նշեց նախարար Յակոբեան: