«Պիպլոս» Դրամատան Կեդրոնական Համալիրին Մէջ Նորիկեանի «Ժամանակին Հետ» Ցուցահանդէսի Բացում
Երէկ` երկուշաբթի, 19 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, «Պիպլոս» դրամատան կեդրոնական համալիրին մէջ բացումը կատարուեցաւ Նորիկեանի «Ժամանակին հետ» խորագրեալ ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ հայ թէ օտար քաղաքական անձնաւորութեանց, արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու:
Բացումը կատարեց ցուցասրահի վարչութեան անդամ Լոլա Պէօյիւքեան, որ անդրադարձաւ արուեստագէտ Նորիկեանին անցած ստեղծագործական ուղիին տարբեր հանգրուաններուն` միաժամանակ ներկայացնելով այս ցուցահանդէսին 25 արուեստի գործերը: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց «Պիպլոս» դրամատան տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, յատկապէս դրամատան ընդհանուր տնօրէն Ֆրանսուա Պասիլին, որոնց գործակցութեամբ կարելի եղաւ յաջողցնել այս ցուցահանդէսը: Ան ցուցասրահին անունով երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ երեսփոխան Արթուր Նազարեանին, որ իր ներդրումը ունեցաւ այս ձեռնարկի իրականացման մէջ:
Յայտնենք, որ սոյն ցուցահանդէսը «Պիպլոս» դրամատան մէջ կը շարունակուի այսօր` 20 եւ վաղը` 21 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:00-էն 9:00, իսկ 23 նոյեմբերէն սկսեալ մինչեւ 10 դեկտեմբեր` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ: Ուրբաթ, 23 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 9:00, Համազգայինի ցուցասրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Նորիկեանի նոր հրատարակուած գիրքին մակագրութիւնը:


