Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ անցնող օրերուն մայրաքաղաքի բոլոր շրջաններուն մէջ մերթ ընդ մերթ կը լսուէին ռմբակոծումներու եւ պատերազմական օդանաւներու հարուածներու ձայներ:

Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ բանակի զինուած ուժերը իրենց գործողութիւնները կը շարունակէին Տարաայի եւ այլ արուարձաններու մէջ` հալածելով զինեալ խմբակները: Բանակը յաջողած է տասնեակ մը զինեալներ սպաննել եւ անոնց օգտագործած վայրերն ու ինքնաշարժները ոչնչացնել:

Յատկանշական էին նաեւ անցնող օրերուն մայրաքաղաքի խաղաղ բնակելի կարգ մը թաղամասերու վրայ ինկած հրասանդի հրթիռները:

Ներքին գործոց նախարարութեան մէկ աղբիւրին համաձայն, երէկ առաւօտ չորս հրասանդի հրթիռներ հարուածած են Դամասկոսի Մազզէ շրջանը` նիւթական վնասներ պատճառելով:

Share this Article
CATEGORIES