Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց 2012-ի Ախոյեանները Եւ «Տէյվիս Քափ»-ի Լիբանանի Ազգային Խումբը

«Սաֆրա Մարին» համալիրին մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց 2012-ի Լիբանանի բոլոր տարիքային դասակարգերու ախոյեանները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի ազգային խումբը, որուն մաս կը կազմեն Պասամ Պայտաս, Քարիմ Ալայինի, Փաթրիք Շուքրի, Ռամի Օսման, Ժատ Քարաքի եւ մարզիչ Հիւսէյն Պատրէտտին:

Ֆետերասիոնին անդամները` գլխաւորութեամբ նախագահ Մէյ Շմայթըլլիի, մրցանակները յանձնեցին մարզիկներուն:

Share this Article
CATEGORIES