ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԴՌՆԵՐԸ ԿԻՍԱԲԱՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ

2008 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն ետք ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը առաջին անգամ ըլլալով երէկ Ազատութեան հրապարակին վրայ կատարեց արտօնուած հանրահաւաք մը:

Խօսք առնելով Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար եւ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան յայտնեց, որ Հայաստան կը գտնուի ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ ժողովրդավարական անյետաձգելի բարեփոխումներու իրականացման ճամբաբաժանին առջեւ: «Այդ բարեփոխումներէն ամէնէն հրատապները, պահանջի ձեւով, արտացոլուած են մարտ 1-ի հանրահաւաքին համընդհանուր քուէարկութեամբ ընդունուած մեր յայտարարութեան մէջ: Անոնցմէ առանձնացած երեք յայտնի պահանջները կը վերաբերին միայն մեր ընդարձակ ծրագիրին իրականացման առաջին փուլին, եւ այդ առանձնացումը չի նշանակեր, որ Հայ ազգային քոնկրեսը հրաժարած է մնացեալ տասներկու պահանջներէն, ինչպէս կը փորձեն կասկած սերմանել ոմանք», նշեց Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

Տէր Պետրոսեան ընդգծեց, որ իշխանութեան եւ հասարակութեան միջեւ երկխօսութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ անկարելի է ընկերային-տնտեսական բարեփոխումներու ձեռնարկման հարցը լուրջ նկատել, իսկ քաղաքական մթնոլորտի առողջացման եւ երկխօսութեան ծաւալման միակ միջոցը առաջադրուած երեք պահանջներուն շուտափոյթ կատարումն է:

Ան շեշտեց, որ երկու ձեւ կայ խնդիրները լուծելու` կա՛մ երկխօսութեամբ ու ազգային համերաշխութեամբ, կա՛մ ալ անկանխատեսելի աղէտալի հետեւանքներով լի ֆիզիքական առճակատումով: «Մենք կը նախընտրենք առաջին ձեւը եւ վստահ ենք, որ հասարակութեան գերակշիռ մեծամասնութիւնը նոյնպէս միանշանակօրէն կողմնակից է այս ձեւին», ըսաւ Տէր Պետրոսեան:

Յիշեցնելով նախորդ հանրահաւաքին ընթացքին իր պահանջները, որ 28 ապրիլը պէտք է դառնայ կա՛մ երկխօսութեան սկզբնաւորման, կա՛մ ալ իշխանութեան ու հասարակութեան ջրբաժանի օր` կախուած Հայ ազգային քոնկրեսի հիմնական պահանջներուն կատարումէն, Տէր Պետրոսեան ըսաւ, որ այդ պահանջներէն երկուքը կատարուած են, իսկ երրորդը` քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջը ժամկէտային կամ պաշտօնական առումով կատարուած չէ:

Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախանցեալ օր արտասանած խօսքին` Լեւոն Տէր Պետրոսեան ակնարկեց, որ «Հանրապետութեան օրուան յիշատակումը, լիցքաթափման քայլերու մասին ըսուած խօսքերը եւ արդարադատութեան նախարարին տրուած յանձնարարականի վերաբերեալ տեղեկութիւնը կասկածի տակ չեն ձգեր, որ իշխանութիւնը, միանգամայն անթաքոյց նկատառումներով, որոշած է քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման հարցը լուծելու մայիս 28-ի տօնին առիթով»: Եզրափակելով իր խօսքը` Տէր Պետրոսեան` ըսաւ. «Այդ կը նշանակէ, որ երկխօսութեան կարելիութիւնը առայժմ սպառած կարելի չէ նկատել, ուստի առայժմ հիմք չկայ փոխելու մեր մարտավարութիւնն ու գործողութիւններու բնոյթը: Պատկերաւոր ըսուած` երկխօսութեան դուռը եթէ ոչ լրիւ բաց, ապա առնուազն կիսաբաց է: Կասկած չունիմ, որ ան լրիւ պիտի բացուի մէկ ամսուան ընթացքին, բան մը, զոր մենք պիտի արձանագրենք 31 մայիսին տեղի ունենալիք մեր յաջորդ հանրահաւաքին ընթացքին»:

Հանրահաւաքը աւարտեցաւ Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն մէջ տեղի ունեցած երթով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES