ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

Դեսպան Պըտիաուի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Եգիպտոսի դեսպան Ահմետ Պըտիաուին: Խօսակցութեան նիւթ դարձան շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրի նոյնպէս ընդունեց Քաթարի դեսպան Սաատ Մոհաննատին:

Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Աժամի եւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան Փղոսկրեայ Ափունքի շրջանային տնօրէն Ժաուատ Մուսաուի Պըրրիին ներկայացուցին Ապիճանի մէջ տիրող վիճակը:

Ափրիկեան այդ երկրին մէջ վերջին շրջանին պատահած դէպքերուն ընթացքին լիբանանցիներուն օժանդակելու անոնց ճիգերը գնահատելով` Պըրրի յուշանուէրներ յանձնեց անոնց:

Share this Article
CATEGORIES