ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱՑՄԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ. ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ԱԼԻՔԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ

Նստացոյց` Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ

Նախանցեալ գիշեր եւ երէկ բազմաթիւ ցոյցեր, նոյնիսկ խռովարարութիւններ կատարուեցան բազմաթիւ շրջաններու մէջ եւ տարբեր դրդապատճառներով:

ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ՍՂՈՒԹԻՒՆԸ

Թաքսիներու, փոխադրակառքերու եւ բեռնակառքերու վարորդները երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին յաջորդաբար երկրորդ օրն ըլլալով, քառորդ ժամուան գործադուլ մը կատարեցին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր գտնուած տեղն ու տեղը, ճամբաներու վրայ, մարեց ինքնաշարժը եւ արձակեց անոր ճչակը` բողոքելու համար պենզինի սղութեան դէմ:

Թաքսիի վարորդներու սենտիքայի նախագահ Ապտել Ամիր Նաժտէ զգուշացուց, որ սենտիքան մագլցողական քայլերու պիտի դիմէ, եթէ ընթացք չտրուի իր պահանջներուն:

Այս ծիրին մէջ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան գործադիր գրասենեակը իր հերթական ժողովէն ետք հաղորդագրութեամբ մը զգուշացուց, որ պենզինի տուրքերու կրճատումը ապարդիւն է, եւ անհրաժեշտ է ջնջել վառելանիւթերու բոլոր տուրքերը:

Հաղորդագրութիւնը յայտնեց, որ այս առնչութեամբ պահանջատիրական քայլեր պիտի յայտարարուին մօտ օրէն:

Միւս կողմէ, Քարիւղ ներածող ընկերութիւններու համախմբումը երէկ հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնեց աշխատաւորական եւ փոխադրամիջոցներու սետիքաներու ղեկավարներու այն յայտարարութիւններուն համար, ուր վառելանիւթերու սակերու բարձրացումին համար կը մեղադրուին այս ընկերութիւնները: Հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ վառելանիւթերու սակերը կը բարձրանան միջազգային շուկային վրայ եւ ոչ միայն Լիբանանի մէջ, իսկ ընկերակցութիւնները ոչ մէկ առնչութիւն ունին այս նիւթերուն վրայ դրուած տուրքերուն եւ նախարարութեան ճշդած սակացոյցին հետ:

ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԱՐՏՕՆԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑ

Շուրջ երեք շաբաթ առաջ ներքին գործոց նախարարը կարգ մը շրջաններու քաղաքապետներուն արտօնած էր շինարարութեան արտօնագիր տալ 120 քառ. մեթր տարածութիւններով կալուածներու համար: Այս որոշումը նախանցեալ օր յետս կոչուեցաւ եւ որոշուեցաւ չեղեալ նկատել յիշեալ արտօնագիրները:

Այս ետդարձին դէմ բողոքելու համար նստացոյցեր կատարուեցան Աքքարի բազմաթիւ շրջաններուն մէջ: Արտօնագիրները ի զօրու պահել պահանջող ցուցարարները փակեցին շրջանի մայր ճամբաները, որոնք վերաբացուեցան միայն բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջամտութեամբ:

Հիւսիսի եւ Պեքաայի մէջ քաղաքապետութիւններու համախմբումներ եւ քաղաքապետներ կոչեր ուղղեցին նախարարին` վերատեսութեան ենթարկելու իր որոշումը:

ԱՊՕՐԻՆԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ապօրինի շինութիւններուն դէմ ներքին ապահովութեան ուժերու արշաւը մեղմացած է` օրինազանցներու անզիջողութեան պատճառով:

Լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հակառակ Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի կողմէ յայտարարուած քաղաքական պաշտպանութեան ջնջումին, բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ջոկատները չկրցան կասեցնել Ուզահիի մէջ տեղի ունեցող ապօրինի շինարարութիւնը, որ կը շարունակուի:

Հարաւային Լիբանանի Ատլուն եւ Սաքսաքիէ շրջաններուն մէջ օրինազանցութիւնները դադրեցնել փորձած ներքին ապահովութեան ուժերու ջոկատ մը բնակիչներէն քարկոծուեցաւ, եւ 5 վիրաւոր տալէ ետք հեռացաւ շրջանէն:

Նոյնպէս հարաւի մէջ, Զահրանիի բնակիչները փակեցին գլխաւոր մայրուղին, իսկ երբ բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը վերաբացին զայն, անոնք այլ վայրի մը մէջ այրող անիւներով փակեցին ճամբան:

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ…

Ընդհանրապէս երիտասարդ ցուցարարներ նստացոյցեր կատարեցին Ռիատ Սոլհ հրապարակին, Պաշուրայի, Սաուֆարի, Ալէի եւ Նապաթիէի մէջ` պահանջելով «տապալել համայնքային վարչակարգը»:

Ցուցարարները սահմանափակ բախումներ ունեցան ապահովութեան ուժերուն հետ եւ անոնցմէ ոմանք ձերբակալուեցան:

 

Share this Article
CATEGORIES