Սուրիահայ Կեանք. Ի՛նչ Ընել` Հալէպը Փրկելու Համար (Խորհրդաժողովի Մը Հետքերով)

Լ. Շ.

«Ի՞նչպիսի վտանգաւոր փորձութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի հալէպահայութիւնը այսօր եւ ի՞նչ կրնայ ընել մասնաւորաբար մտաւորականութիւնը` տագնապը կամ աղէտը շրջանցելու համար»:

Առաւելաբար ա՛յս հարցումին է, որ պատասխան մը փորձեցին գտնել այն յիսուն հրաւիրեալները, որոնք համախմբուեցան Հալէպի «Արամ Մանուկեան» ժող. տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, կիրակի, 11 նոյեմբեր 2012-ին:

Խորհրդաժողովին նախաձեռնարկ եղած ու զայն կազմակերպած էր Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը: Ներկայ յիսուն մասնակիցներուն մէջ կային գրչի սպասաւորներ, լրագրողներ, հայերէնաւանդ ուսուցիչներ կամ կրթական մշակներ, արուեստագէտներ, մշակութային միութիւններու պատասխանատուներ: Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան ձեռնարկին սկիզբէն իսկ ներկայութիւն բերաւ խորհրդաժողովին ու երբեմն համադրեց օրակարգի բերուած կարծիքները:

Ձեռնարկին բացումէն առաջ ներկաները դիտեցին գունաւոր մեծածաւալ այն 40-ի չափ լուսանկարները, որոնք տեղադրուած էին պատկերակալներու վրայ, եւ որոնք գաղափար մը կու տային վերջին չորս ամիսներուն Հալէպի հայահոծ թաղամասերուն ենթարկուած ահաւոր աւերներուն մասին. քանդուած ու փլատակ շէնքեր, խորտակուած վաճառատուներ, գնդակոծութիւններէ եւ հրթիռարձակումներէ վնասուած թաղեր, կմախացած ինքնաշարժներ, հրկիզուած աղօթատեղիներ, ծուխերով պատած երկինք, ու այս բոլորին մէջ ու ամէն տեղ` խուճապահար մարդիկ… Կարծէք պատերազմական արհեստավարժ լուսանկարիչի մը գործերը ըլլային ասոնք, որոնք կը պատկանէին արուեստագէտ Արտօ Համբարձումեանին, որ նաեւ Համազգայինի ատենապետի հանգամանքով կատարեց խորհրդաժողովին բացումը: Զրուցավարութիւնը վստահուած էր Ազգ. առաջնորդարանի դիւանապետ Գրիգոր Տունկեանին:

Նախ կարճ ելոյթ մը ունեցաւ Շահան եպիսկոպոս,  որ շեշտը դրաւ երկու հիմնական կէտերու վրայ. նախ` համոզուիլ, որ առկայ դժուարութիւնները միայն հալէպահայութեան չեն պատկանիր, այլ` բոլո՛ր սուրիացիներուն: Ապա` «հարկ է այս տագնապին ընդմէջէն սուրիահայ կամ սուրիական նո՛ր մշակոյթ մը յառաջացնել, այսինքն` գոյութեան նոր եղանակ մը, նոր ոճ մը, ապրելու նոր կերպ մը»:

Այնուհետեւ, հերթաբար ներկայացուեցան այն չորս զեկոյցները, որոնք դրուած էին օրակարգին վրայ, եւ որոնց շուրջ իրենց մտորումները պիտի յայտնէին ներկաները:

Առաջին զեկուցաբերն էր Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմինի անդամներէն Րաֆֆի  Աւետիսեան, որ հետաքրքրական տուեալներ փոխանցեց Սուրիոյ տագնապին առիթով յառաջացած վերոնշեալ մարմինին ընթացիկ աշխատանքներուն, իրագործումներուն կամ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ան յայտնեց, որ այս մարմինին բաղկացուցիչ մասերն են հայ երեք յարանուանութիւնները, երեք կուսակցութիւնները եւ բարեսիրական երկու մեծագոյն միութիւնները (ՀԲԸՄ եւ ՍՕԽ): Առկայ տուեալներով, դէպքերու սկիզբէն ցայսօր հալէպահայութիւնը տուած է 40 զոհ եւ 66 վիրաւոր: Կան 7 առեւանգեալներ եւ երկու անյայտ կորած բանակային զինուորներ: Շուրջ 200 բնակարաններ ծանր կամ մասնակի վնասներու ենթարկուած են, մեծ է նաեւ թիւը աւերուած կամ թալանուած աշխատատեղիներու, փճացած ինքնաշարժներու:

Անշարժ գոյքերու վնասները դժուար է փոխհատուցել, սակայն Շտապ օգնութեան մարմինը կ՛աշխատի տուժածներուն գէթ կենցաղային կարիքները գոհացնել: Ցարդ բաժնուած են 2850 սննդակողովներ, բնակութեան սենեակներ տրամադրուած են այն ընտանիքներուն, որոնց տուները կը գտնուէին խիստ անապահով վայրերու մէջ: Չէ զլացուած բժշկական խնամքն ալ: Հայախիտ թաղամասերու մէջ (Նոր Գիւղ եւ Վիլլաներ) կամաւոր հայ տղաք գիշեր-ցերեկ կը հսկեն ազգապատկան հաստատութիւններու (եկեղեցի, դպրոց, ակումբ) ապահովութեան վրայ: Հայաստանէն օդանաւով ուղարկուած են օժանդակութիւններ, դրամահաւաք կը կատարուի սփիւռքի գաղութներուն մէջ ալ:

Երկրորդ զեկոյցը պէտք էր կարդացուէր արուեստաբան Հրազդան Թոքմաճեանի կողմէ, որ սակայն կը բացակայէր բանաւոր պատճառով մը: Ան խորհրդաժողովին յղած էր, սակայն, ամփոփ գիր մը, ուր կը բացատրէր, թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ մշակոյթի գործիչներուն եւ միութիւններուն դերը` Հալէպի ներկայ տագնապին մէջ: Թոքմաճեան (որուն գիրը փոխանորդաբար կարդացուեցաւ Էմմա Ազարիկեանի կողմէ) չէր ուզեր յոռետես ըլլալ Հալէպի գաղութին ապագային առնչութեամբ, այլ նկատել կու տար, որ` «ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան»: Ան քաղաքիս ՀԲԸՄ-ի «Սարեան» նկարչական ակադեմիայի ու Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկին վերաբացումն ալ օրինակ բերելով (զոյգ հաստատութիւնները վերսկսան իրենց դասաւանդութիւններուն նոյեմբերի սկիզբը)` յոյս կը յայտնէր, որ համայնքային ու մշակութային կեանքը պիտի չխամրի, եւ գաղութը պիտի վերագտնէ իր երբեմնի կենսունակութինը:

Երրորդ զեկուցաբերն էր հրապարակագիր եւ վաստակաշատ թարգմանիչ Հուրի Ազեզեան, որուն զեկոյցը լուսարձակ կը բանար սուրիահայութեան մշակութային ժառանգութեան ու անոր պահպանման խնդիրներուն վրայ:

«Մշակութային ժառանգութիւն» տարազին տակ զեկուցաբերը նկատի ունէր գաղութին եկեղեցիները, յուշարձանները, գերեզմանատուն, թանգարան, արխիւատուն, ձեռագիրներու կամ հնատիպ գիրքերու հաւաքածոներ, մատենադարաններ եւ այլն: Ան կը նշէր, որ Հալէպի հայ գաղութը միջին դարերուն գոյութիւն ունէր արդէն իբրեւ ծաղկուն համայնք ու առաջնորդանիստ Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին կը յիշատակուի ԺԵ. դարէն իսկ: Սուրիոյ տարածքին ներկայիս կը գործեն 22 Հայ առաքելական եկեղեցիներ, ոմանք` հնագիտական արժէքով, շատեր` թանկարժէք սրբապատկերներով ու եկեղեցական իրերով հարուստ: Դարերու կամ տասնամեակներու ընթացքին ստեղծուած այս բոլոր հարստութիւններուն մասին պատմական ու թուական մանրամասն տուեալներ փոխանցելով` Ազեզեան նշեց, որ պարտականութիւնն ունինք անեղծ պահելու մեզի կտակուած այս աւանդները` օգտագործելով ժամանակակից արդիական միջոցներ, որպէսզի անոնք կուլ չերթան անակնկալ աղէտներու կամ  քանդիչ պատերազմներու:

Չորրորդ ու վերջին զեկուցաբերն էր տեղական արաբական լրատուամիջոցներու երիտասարդ լրագրող Սարգիս Գասարճեան, որ պարզեց իր հայեացքը` տարաբնոյթ լրատուամիջոցներու ճամբով հալէպահայութեան կացութիւնը պարզելու առնչութեամբ: Ան նկատել տուաւ, որ համացանցային լրատուներու եւ նոյնիսկ թերթերու կողմէ յաճախ անճիշդ տուեալներ կը փոխանցուին երկրին մէջ ընթացող պատերազմին մասին, սխալն ու իրաւը երբեմն իրարու կը խառնուին: Շեշտուեցաւ, որ զգօն ու հեռատես պէտք է ըլլալ ոչ միայն լրատուական մարզին մէջ, այլեւ` առհասարակ, հեռու մնալով կողմնապահութենէ, թերեւս որդեգրելով «Դրական չէզոքութեան» այն տարբերակը, զոր կիրարկեցին լիբանանահայերը, իրենց քաղաքացիական տասնեւհինգամեայ պատերազմին տեւողութեան: Այս նիւթին շուրջ արտայայտուեցաւ նաեւ հայաստանեան «Փան-Արմինիըն մետիա»-ի պատասխանատուներէն Արման Սաղաթելեան:

Այս բոլոր զեկոյցներուն յաջորդեցին քննարկումի պահեր` ներկաներուն կողմէ կատարուած հարցադրումներով: Այս բաժինը, սկզբունքով, ամէնէն շահեկանը պէտք էր ըլլար, քանի որ կարծիքներու այլազանութիւնն ու բախումը կրնան երեւան հանել բազմաթիւ թաքուն մտահոգութիւններ ու կը բիւրեղացնեն որդեգրուելիք «ազգային մարտավարութիւն»-ը` գաղութը օղակող աննախընթաց այս տագնապը դիմագրաւելու ու անկէ նուազագոյն վնասով դուրս գալու իմաստով:

Դժբախտաբար, սակայն, ինչպէս յաճախ կը պատահի նման առիթներով, ներկաներուն մեծամասնութիւնը նախընտրեց մնալ ունկնդիրի կրաւորական դերին մէջ` թերեւս զգուշանալով կարծիք յայտնելէ կամ բարձրաձայն մտածելէ, թերեւս ալ ըսելիք բան չունենալով…

Այնուհանդերձ, արտայայտուած որոշ կարծիքներ կամ մտորումներ դուռ բացին շահեկան վիճարկումներու:

Օրինակ` Հայաստանէն հասած օժանդակութեան առնչութեամբ, երբ ըսուեցաւ, թէ ատկէ փոքր բաժին մըն ալ կը տրամադրուի ոչ հայ կարօտեալներու, ներկաներէն մին իրաւացիօրէն առաջարկեց, որ Շտապի օգնութեան մարմինը անձամբ երթայ արաբաբնակ թաղեր եւ ուղղակի կարօտեալներուն յանձնէ հայ համայնքին անունով բաշխուող օգնութիւնը: Այսպիսի մարդասիրական օժանդակութիւն մը այս օրերուն շատ բարերար ազդեցութիւն պիտի ունենար միջհամայնքային փխրուն յարաբերութիւններուն վրայ ու գտնէր դրական արձագանգ:

Ուրիշ մը նկատել տուաւ, որ հակառակ Հալէպէն կատարուած արտագաղթին, գաղութին սիրտը դեռ կը տրոփէ: Ընթացիկ տարուան սկիզբէն ցայսօր Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ կատարուեր էր 85 մկրտութիւն եւ 77 պսակ:

Ուրիշներ արտայայտուեցան համացանցային Դիմատետրի (facebook) մէջ հալէպահայոց վերաբերեալ «ապատեղեկատուական հոսք»-ի մը մասին` ծանրօրէն քննադատելով հոն երեւցող բոլոր այն ազատ կարծիքները, որոնք Սուրիոյ քաղաքական տագնապին մէջ կը հակադրուին իշխանամէտ շրջանակին, այլ խօսքով` կը կանգնին «ընդդիմադիր» դիրքերու ետին: Հոս, սակայն, ինքնաբերաբար գլուխ կը ցցէր անխուսափելի հարցումը. ինչո՞ւ ուրեմն կը խօսինք «Դրական չէզոքութեան» մասին ու զայն կ՛առաջարկենք որպէս ապահովագոյն կողմնորոշում…

Շուրջ չորս ժամ տեւած այս խորհրդաժողովը վերջ գտաւ առաջնորդ Շահան եպիսկոպոսի շատ հրահանգիչ ու թելադրական եզրափակիչ ելոյթով: Իբրեւ հալէպահայոց հոգեւոր ու համայնքային պետը` յայտնի էր, որ սրբազանը խորապէս կը տագնապէր գաղութը ցնցող բազմապիսի բարդ խնդիրներով ու յստակ պատկերացում մը ունէր դժուարութիւնները բառնալու մասին:

Ան առաջին հերթին նկատել տուաւ, որ Հալէպը պահպանողական գաղութ մըն է, ունի քիչ մը «վախկոտ» հաւաքականութիւն մը, որ կը խուսափի յանդուգն կեցուածքներէ: Տագնապին առթիւ երեւցող շփոթն ու խուճապը հոնկէ կու գայ: Այսուհանդերձ, անիկա քաղաքին քրիստոնեայ 11 համայնքներուն մէջ ամէնէն կազմակերպեալն է ու աշխուժը:

Շահան սրբազան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ սուրիահայութիւնը երկրին բաղկացուցիչ պիտանի տարրերէն մէկն է, այսօր կը բաժնեկցի երկիրը սարսող աղէտին, բայց նաեւ չ՛ուզեր հրաժարիլ անոր ապագային մէջ իրեն սահմանուած պարտաւորութիւններէն: «Աւերածութիւններէն ետք հարկ է վերանորոգուիլ ու ՆՈՐ ՄՇԱԿՈՅԹ մը յառաջացնել», կրկնեց ան` հարց տալով նաեւ, թէ հայութեան ցաւերէն անդին` հասկացողութիւն կը ցուցաբերե՞նք արդեօք մեր դիմացիններուն (իմա` երկրին բաղկացուցիչ միւս տարրերուն) վիճակին նկատմամբ…

Յետոյ անդրադառնալով Սուրիոյ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր հոսանքներուն միջեւ «ճզմուելու» վտանգին` Շահան սրբազան յիշեցուց, որ հայ համայնքը «կողմ» չէ, այլ երկու հոսանքներէն անդին` ԵՐՐՈՐԴ ԿԱՐԾԻՔԻ մը տէրն է, ու ատոր համար ալ դժուարութիւններու կրնայ հանդիպիլ: «Մենք այս կամ այն կողմին հետ չենք. մենք մե՛ր կողմն ենք», ըսաւ ան ու յորդորեց հեռու մնալ այնպիսի կողմնակալութիւններէ, որոնք կրնան գաղութին ֆիզիքական գոյութիւնն իսկ վտանգի ենթարկել:

Խորհրդաժողովի աւարտին Համազգայինի կողմէ ներկաներուն բաժնուեցաւ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր»-էն կազմուած հատոր մը` «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան. վկայութիւններ եւ քերթուածներ» խորագրով, տպուած` Հալէպ, 2008-ին, ֆրանսահայ տարաբախտ բանաստեղծ Զուլալ Գազանճեանի խմբագրութեամբ:

Հալէպ

Share this Article
CATEGORIES