Եկեղեցին Հրկիզեցին, Բայց` Ո՛չ Հոգին
Թանձր գիշեր է դարձեալ: Քայլամոլոր կ՛ուղղուիմ դէպի տուն: Անէութեան զգացումը կը փորձէ զիս: Գիտակցութեան առջեւ, սակայն, կ՛անէանայ ինքը` անէութիւնը: Գիտակցութեանս ներզօր ուժով կը վերյիշեմ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բոժոժաձայն զանգին ձայնը, որ ողջ մարմնիս եւ էութեանս մէջ կը տարրանայ: Ինչպէս լոյսը արեւէն` նոյնպէս եւ զանգակի ձայնը տիեզերքի գոյութենէն կը սուզուի անձիս մէջ:
Պատշգամ կ՛ելլեմ եւ աչքերս կը բացուին մութ ու լոյս անհունութեան վրայ: Հեռուէն կը նշմարեմ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սիգապանծ գմբեթը` իր բարձրադիր ու գեղակերտ կերտուածքով: Պահ մը հոգիս կը խայտայ, բայց ուրախութիւնը անմիջապէս կը վերանայ, երբ կը յիշեմ մեր Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վշտամորմոք անցուդարձը:
Արդէն իսկ երկու շաբաթ անցած է Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ահագնատեսիլ եղելութենէն, իսկ սրբազնասուրբ եկեղեցին դադրած է գործելէ երեք ամիսէ ի վեր: Չկայ հայ պատարագ, տիեզերքի պատարագին սրտին վրայ բացուած լուսաւորչագոյն եւ մեսրոպահունչ պատարագը, որ տարիներ շարունակ արձագանգեց այս առաքելահիմն եկեղեցւոյ մէջ: Շարականները, աղօթքները եւ ձայնեղէն ելեւէջները երեք ամիսներ առաջ տակաւին կը շարունակէին ծաւալիլ այս եկեղեցւոյ ստուերոտ լռութեան մէջ, կ՛արձագանգէին բարձրակերտ որմերէն ու կը ստեղծէին տարերային առինքնող մթնոլորտ մը, ուր երկինք եւ երկիր կարծես իրարու կը հանդիպէին: Իսկ հիմա՞…
Տրտմաթախիծ մէգը պատած է բոլորիս սրտերը: Բառեր չկան նկարագրելու իւրաքանչիւր հայորդիի տխրութիւնն ու կրած նեղութիւնները: Տուներ, շէներ ու գործատեղիներ հրոյ ճարակ դարձած են` իրենց դռները բացած անկոչ հիւրերու դիմաց: Յուսաբեկ վիճակ մը կը տիրէ ամէնուր: Տակաւին կ՛աւերուին հայ մտքին ու հանճարին ստեղծագործութիւնները: Կը հրդեհուի մեր աղօթքի երկնախորան ու «լուսաճեմ» տաճարներէն մէկը` Ս. Գէորգ եկեղեցին: Կը փճացուին յուռթի հայ քրտինքին ծիլն ու ծաղիկը: Իսկ աւերածութեան մէջ յոխորտաբար կը քրքջան մարդաբուեր` իրենց գործած մարդկային, մշակութային, հոգեկան, նիւթական անպարագրելի ու գազանաբարոյ ոճիրին համար, ու դեռ կը քրքջան` երբեմն անհանգիստ ու խռով քրքիջով:
*
* *
Մեծ եղեռնի «Գողգոթա»-էն ճանապարհորդագրած եւ հարստահարութեանց, տուայտանքներու, կեղեքումներու ու դիմայեղութեանց ենթարկուած հայ ժողովուրդը, երբ կը հասնի Հալէպ, կը գիտակցի ազգին գոյութեան սպառնացող վտանգը եւ ֆիզիքական ոչնչացումէ ազատածի բնազդով կը փարի ազգը պահպանելու եւ գոյատեւելու հրամայականին: Եւ ահա մահը որպէս ցմրուր խմած հայորդիներու առաջին մտահոգութիւնը կ՛ըլլայ եկեղեցի ու դպրոց կառուցել` որպէս միակ զօրաւոր ազդակ հայապահպանման:
Սկզբնական շրջանին կը կառուցուի թիթեղաշէն Ս. Խաչ եկեղեցին, բայց ժամանակ մը ետք մարաշցիներու բոլորանուէր գործունէութեամբ, հմայիչ կառուցուածքով, նոր շողակաթումով մէջտեղ կու գայ Նոր Գիւղի քարաշէն եւ հոյակերտ Ս. Գէորգ եկեղեցին:
Այս քրիստոսահաստատ եկեղեցին էր, որ տարիներ շարունակ դարձաւ հայ ժողովուրդի ոգեղէն տաճարը, որուն մէջ հայ մամիկներ ու պապիկներ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, իրենց հաւատքի ապրումներով աւելի եւս նուիրագործեցին զայն` միշտ լեցուելով անկէ բխող լոյսի ճառագայթներով: Տարիներ շարունակ աղօթարար հայ մարդը իր աղօթքին մրմունջները, իր արցունքի շիթերը, իր մոմին անմար ցոլքերը, իր շրթունքներու համբոյրը միախառնեց, ընդելուզեց այս Ս. եկեղեցւոյ
քարերուն հետ, որոնց մէջ տեսած էր, որոնցմէ քաղած էր լոյսի եւ կեանքի ճշմարտութիւնը: Ահա թէ ինչո՛ւ Ս. Գէորգ եկեղեցին հալէպահայութեան համար դարձաւ Աւետարանի ակնաղբիւրէն ցայտող, հայ հոգիի անդաստանին մէջ իր արմատները նետող, զայն աստուածային շունչով ու Աւետարանի հոգեւոր ճշմարտութեամբ եւ բարձր սկզբունքներով թրծող, ջերմացնող ու կենսաւորող քրիստոսաշէն տաճար մը: Ս. Գէորգ եկեղեցին դարձաւ անկորնչելի յիշատակարանը մեր ոսկի մշակոյթին, ուխտի տապանակը հայ ցեղին, որուն մէջ դեռ կը պլպլայ մեր յոյսի ջահը:
Քանի՜-քանի՛ հազարաւոր հայորդիներ վերածնան Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ աւազանէն, երեխաներու ճակատները միւռոնուեցան հայոց լուսաւորչացեալ միւռոնով եւ անոնք դարձան Քրիստոսի խորհրդական մարմնին անդամ: Միւռոնն իր ճակտին դրոշմած, զայն իր հոգիին հետ խառնած հալէպահայութիւնը ահա կը քալէ այսօր օտարոտի ակօսներու մէջէն ու հողերու վրայէն: Ակօսներու մէջ կեանք կը ցանէ եւ «առաւել կեանք» կը հնձէ` դառնալով մէկական ատոք ու անմեռ սերմեր: Օտար հողերու վրայ հազարումէկ օտար մարդու կը հանդիպի, բայց մաքուր, ջինջ եւ անվթար կը պահէ իր միւռոնաբոյր եւ միւռոնաշող ճակատը:
«Միւռոնուած ժողովուրդի մը պարտքն ու պատիւն է միշտ պայծառ պահել իր միւռոնելի առաքելութիւնը, իր ինքնութեան գիտակցութիւնը, միւռոնով խորհրդանշուած, պէ՛տք է ուժեղանայ հայութեան արժէքներու վերայայտնումով ու վերակենսաւորումով, հայկական արժանիքներու եւ առաքինութիւններու մաքրափայլութեամբ, հայկական արժանապատուութեան եւ նախանձախնդրութեան սրութեամբ եւ, վերջապէս, հայուն լինելիքին, «ամէն բանէ վեր»-ին իրագործման համար աննահանջ կամքի պրկումով» (Գարեգին Բ. կաթողիկոս):
Ըսուած խօսք է, թէ` «Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ»: Հայ ժողովուրդը իր պանդխտութեան ցուպը առած մշտապէս գաղթած է իր հայրենի հողէն: Ո՛ւր որ գտնուած է, շինած ու շէնցուցած է, պայծառակերպած ու իր հոգին է դրած անոր մէջ: Հալէպն ալ դար մը ամբողջ դարձաւ միջնաբերդը եւ ամրակուռ խարիսխը սփիւռքահայուն, երբեք չթաղուեցաւ ու չի՛ թաղուիր պատմութեան թանձրախաւ փոշիին տակ: Մենք ներկայի մէջ ապրող եւ դէպի ապագայ հայող ազգ ենք: Յուշով եւ յիշատակով միայն չենք ապրիր: Յամառ եւ անտեղիտալի պայքարով մեր գոյութիւնը ապահովող ու տեւականացնող ժողովուրդ ենք այսօր` ի խնդիր վաղուան, ապագայի մեր լուսաշող հեռանկարներուն:
*
* *
Պայթիւններու եւ արձակազէններու ահագնադղորդ ձայնը կը լսուի ամէնուրեք: Մերթ ընդ մերթ խաղաղութիւն կը տիրէ ու միայն զեփիւռին ձայնն է, որ կը լսեմ: Ո՞ւր երթալ, որո՞ւ պատմել եւ որո՞ւ դիմել: Ո՞վ պիտի դարմանէ մեր ցաւատանջ վէրքերը ու մեր յուսալքուած սրտերը…: Միայն ՏԻԵԶԵՐՔԻ ԱՐԱՐԻՉԸ` ԻՆՔ:
Բնութեան խորանին առջեւ, կէս գիշերի մթութեան, երբ Վիլլաներու շրջանին մէջ գետը կը հոսի, երբ աստղերը մոմերու վերածուած են ու` բարձրահայեաց ծառերը ստուերոտ իրենց հասակով կերոնի կերպարանք ստացած, ուր մշուշը որպէս խունկ կը ծխայ` երկիրն ու երկինքը իրարու մէջ շաղախելով, տիեզերքի պատարագն է, որ հեռուէն կը լսեմ, ուր Արարիչը Իր արարչութեան խորասոյզ ձայնով կը պատգամէ.
– Խաղաղութի՜ւն ամենեցուն…
Պիտի գայ այն օրը, երբ վերստին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորանէն հայոց օծեալ քահանան պիտի խաչակնքէ ժողովուրդին դառնալով ու ըսելով` «Խաղաղութի՜ւն ամենեցուն»:
Խաղաղութի՜ւն հալէպահայ մեր արի հայկազուն ժողովուրդին,
Խաղաղութի՜ւն մեր սուրիական հայրենիքին,
Խաղաղութի՜ւն աշխարհիս ու համասփիւռ հայորդիներուն:
– Խաղաղութի՜ւն ամենեցուն…


