Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. 15 Թեկնածու` 11 Աթոռի Համար

Ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, չորեքշաբթի, 28 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենան Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:

Թեկնածուներուն համար իրենց անունները արձանագրելու վերջին պայմանաժամ ճշդուած էր երեքշաբթի, 20 նոյեմբերը:

Երէկ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն տեղեկացանք, որ 11 աթոռի համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են 15 անձեր:

Այդ 15 թեկնածուներուն կարգին է ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վարդիվառ Գասապեան:

Ստորեւ կու տանք թեկնածու ներկայացած 15 անձերուն անունները.

Նեպիլ Պատըր, Շըհատէ Ապու Նըմրի, Իզզաթ Քրայթեմ, Ալի Ժաուիշ, Ռապիհ Ռապպահ, Հանի Միքաթի, Եուսեֆ Սաթի, Սամիհ Աժաժ, Ալի Շահրուր, Հիւսէյն Համմուտ, Վարդիվառ Գասապեան, Նազարէթ Սէօքիւնեան, Էլի Խէյրալլա, Ֆատի Իտ եւ Ռոլան Ախրաս:

Share this Article
CATEGORIES