ԲԱՄԲԱՍԱ՞ՆՔ, ԹԷ՞ ԲԱՆՆ ԱՍԱՆԿ

Լիբանանահայ գաղութը ժամանակ մը հռչակուած էր «սիրուած երգիչ»ներ արտադրող իր խանդավառութեամբ: Վերջին օրերուն հրապարակ իջած է նաեւ «սիրուած գրող» հռչակուելու ելած քաջ երիտասարդ մը, որ յանդգնութիւնը ունեցաւ իր մէկ գրքոյկին շնորհահանդէսը կատարելու հրապարակաւ, ծանուցումներով, հրաւիրատոմսերով: Գրականութենէ անտեղեակ անձեր քաջալերած են այս հայորդին, որպէսզի գիրք հասկացողութեան մասին կամ գիրքին շուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծուի:

Հեղինակը հազիւ նախակրթարան մը աւարտած է. կարդացած է քանի մը գիրք, որ եղած է իր «գրական դպրոցը»: Ապրիս…

Շնորհահանդէսին հրաւիրուեցան գաղութիս երիտասարդ երաժիշտներ, երգիչներ, արտասանող մը, որ իր մօր գրած ոտանաւորը արտասանեց, նաեւ` պարախումբ մը, եւ` «տո՛ւր, որ կու տաս, ցնծութիւն աննախընթաց»:

Սրահը լեցուած է երգողներու, նուագողներու, պարողներու բարեկամներով եւ հարազատներով:

Երանելի գրող մը ծնաւ Լիբանանի մէջ: Յակոբ Պարոնեան մը կը փնտռուի արժեւորելու համար գրքոյկը եւ մեծարելու հեղինակը…:

Share this Article
CATEGORIES