ՂԱԶԱԽՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԳՐԱՒԵՑ ԽՄԲԱԿԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ԴԻՐՔԸ
Ղազախստանի մէջ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի պատանիներու հաւաքականը երէկ Թուրքիայէն կրեց մրցաշարքի իր երկրորդ պարտութիւնը` 2-0 արդիւնքով:
Հայաստան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 5-3 արդիւնքով պարտուած էր Վրաստանէն, ապա 2-0 արդիւնքով յաղթած Ուքրանիոյ, իր կրած այս պարտութեամբ գրաւեց խմբակին 4-րդ եւ վերջին դիրքը:
Միւս մրցումին, Ուքրանիա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանի:
Այժմ Հայաստան 7-րդ դիրքի մրցում մը պիտի կատարէ:
CATEGORIES Մարզական

