Ճատրակի Ողիմպիական Ախոյեաններուն Նուիրուած Նոր Գիրք

«Ճատրակի Հայաստանը» հրապարակած է Գագիկ Յովհաննիսեանի «Հայերու յաղթարշաւը` Պոլսոյ մէջ» խորագրեալ գիրքը: Անիկա նուիրուած է ճատրակի 40-րդ միջազգային ողիմպիականին Հայաստանի հաւաքականին տարած փայլուն յաղթանակին:

Հեղինակը, որ Պոլսոյ մէջ ուղղակիօրէն կը հետեւէր հայրենի վարպետներուն կատարած մրցումներուն, ականատեսի աչքերով կը ներկայացնէ ողիմպիականի ամէնէն հետաքրքրական դրուագները եւ ճատրակ խաղացողներու ելոյթներուն մանրամասնութիւնները:

Գիրքին մէջ զետեղուած են ողիմպիականի ախոյեաններուն` Լեւոն Արոնեանի, Սերկէյ Մովսիսեանի, Վլատիմիր Յակոբեանի, Գաբրիէլ Սարգսեանի եւ Տիգրան Պետրոսեանի Պոլսոյ մէջ կատարած բոլոր մրցումներուն մանրամասնութիւնները, սփիւռքի արձագանգները, ողիմպիականի պատմութիւնը ներկայացնող տեղեկատուական ուշագրաւ նիւթեր եւ բազմաթիւ գունաւոր լուսանկարներ:

Եթէ ճատրակի սիրահարները կը փափաքին այս գիրքէն օրինակ մը ձեռք ձգել, կրնան կապ հաստատել հետեւեալ ե-նամակի հասցէին. [email protected]:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )