Երեւանի Մէջ Սկսաւ Կռփամարտի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

Երէկ` չորեքշաբթի, 28 նոյեմբերին, Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ պաշտօնապէս սկսաւ կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արման Մուրատեան ըսաւ. «Հայաստան ուրախ է ընդունելու բազմաթիւ կռփամարտիկներ, որոնք ժամանած են աշխարհի տարբեր երկիրներէն: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը պատրաստ է այս ախոյեանութիւնը բարձր մակարդակով կայացնելու: Բոլոր մարզիկներուն կը մաղթեմ յաջողութիւն եւ լաւ ելոյթներ»:

Իսկ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ըսաւ. «Այս ութ օրերը մեզի համար պիտի վերածուին տօնի: Համալիրին դռները բաց պիտի ըլլան բոլորին դիմաց: Վստահ եմ, որ պիտի յաղթեն արժանիները: Կարեւորութեամբ կ՛ուզեմ նշել այն կէտը, որ բոլորին ալ տրամադրութիւնները շատ բարձր են, որովհետեւ Հայաստան կը հիւրընկալէ նմանօրինակ մրցաշարք մը: Այս ախոյեանութիւնը նախ եւ առաջ կարեւոր է մեզի համար, որովհետեւ բազմաթիւ մարզիկներ պիտի ծանօթանան Հայաստանի մշակոյթին, իսկ հայ մարզիկները իրենց ելոյթները պիտի ունենան իրենց համակիրներուն ներկայութեան: Բոլորին կը մաղթեմ գեղեցիկ մրցումներ եւ արժանի յաղթանակներ»:

Նշենք, որ մրցումները կը սկսին այսօր` հինգշաբթի, 29 նոյեմբերին, մասնակցութեամբ 68 երկիրներու 620 կռփամարտիկներու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES