ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐ-ԹՈՒՆՈՒԶԵԱՆ ԲԱՆԱԿ ԲԱԽՈՒՄ

Քազզաֆիի ուժերը երէկ մուտք գործեցին Լիպիոյ սահմանակից Զուպէյպա քաղաքը, ուր բախում ունեցան լիպիացի ըմբոստներուն հետ: Ի տես իր երկրի սահմանի բռնաբարման, թունուզեան բանակը միջամտեց եւ քաղաքին կեդրոնին մէջ Քազզաֆիի ուժերուն հետ ունեցած բուռն բախումներէ ետք զանոնք ետ մղեց դէպի Լիպիա:

Թունուզեան կառավարութիւնը յայտնեց, որ խորապէս մտահոգ է եւ լիպիական կառավարութեան փոխանցեց, որ թունուզեան հողամասերու «այսպիսի բռնաբարումներու անմիջական դադրեցումը կ՛ուզէ»:

 

Share this Article
CATEGORIES