Քաղաքացիական Հասարակութեան Խոստումներն Ու Սահմանափակումները
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Սեպտեմբերի աւարտին եւ հոկտեմբերի սկիզբը Նիւ Եորքի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցան «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» համաժողովի չորրորդ հանդիպումները:
2006-ին սկիզբ առած այս նախաձեռնութիւնը, որուն շարունակականութիւնը բարացուցական է անոր գտած յաջողութեան, ՀՅ Դաշնակցութեան ամերիկեան ցամաքամասի կազմակերպական կառոյցներու մտայղացումն է, եւ փաստօրէն, իրերայաջորդ հանդիպումները իրականացած են Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու հայաշատ կեդրոններուն մէջ, ներառեալ, ի շարս վերոյիշեալ քաղաքներուն, նաեւ Պուէնոս Այրեսն ու Պոսթընը: Անոր նպատակը, ինչպէս խորագիրը ցոյց կու տայ, հայ ժողովուրդի պատմական գործընթացի ներկայ հանգրուանն ու անոր հեռարձակումը ընթացիկ դարուն մէջ, քաղաքական հոլովոյթներու ընկալում-հասկացողութեան, մեկնաբանութիւն-բացատրութեան, ինչպէս նաեւ «Ի՞նչ ընել» հարցում-յանձնառութեան յառաջդիմական գաղափարախօսութեան տեսադաշտին մէջ վերլուծելն է: Այդ նպատակով, նախ բնականաբար անհրաժեշտ էր համաժողովները Հայաստան-Սփիւռք հանդիպման միջավայրի վերածել, ապա նաեւ «յառաջդիմութիւն» հասկացողութիւնը տեղադրել քսանմէկերորդ դարու պայմաններու տրամաբանութեան մէջ, եւ վերջին հերթին, դասեր քաղել այլ ժողովուրդներու եւ հասարակութիւններու փորձառութենէն:
Նման նախաձեռնութեան կարիքը, անշուշտ, կը զգացուէր հայրենի ընկերային-տնտեսական իրավիճակի պարզ վերլուծումով մը. նոյնիսկ Հայաստանի տնտեսութեան պղպջակային զարգացման տարիներուն ան որ տեսնել կ՛ուզէր, չէր կրնար աննկատ ձգել հարստութեան եւ իշխանութեան խիստ կեդրոնացման, ինչպէս նաեւ հասարակութեան ունեցող-չունեցողի բեւեռացման, կնոջ հանդէպ բռնութեան, միջավայրի վայրագ թալանման, սեռային անհանդուրժողութեան, համատարած փտածութեան եւ այլ նման երեւոյթներ: Միաժամանակ անհրաժեշտ էր վերամտածել սփիւռքը յառաջդիմական հասկացողութեան տեսանկիւնէ, եւ մասնաւորաբար, սփիւռք-հայրենի հասարակութիւն փոխադարձ հաղորդակցութեան ու համագործակցութեան ենթահող ստեղծել: Բոլոր այս թեմաները նոր էին ցարդ առաւելաբար ազգային հարցի լուծման վրայ կեդրոնացած հայ քաղաքական մտածողութեան համար, բայց նաեւ համաշխարհային մակարդակով իրողութիւններ էին, որոնք օրը օրին կ՛ապրէր հայութիւնը, ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ սփիւռքի մէջ, ինչ որ կը բացատրէ համագումարին հանդէպ յառաջացած հետաքրքրութիւնը ամէնուրեք:
2008-2009 բեկումնային տարիներ եղան իրարու հետ զուգադիպաբար առնչակից երկու իրադարձութիւններու. մէկ կողմէ` այսպէս կոչուած «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»-ն ու հայ-թրքական փրոթոգոլները, եւ միւս կողմէ, համաշխարհային ելեւմտական տագնապը եւ անոր պատճառով յառաջացած ներկայի տարօրինակ, բայց արմատաւորուած ճգնաժամը: Կը թուի, թէ ի մասնաւորի առաջին իրադարձութիւնն ու անոր ժողովրդային հակազդեցութիւնը նախ սփիւռքի, ապա եւ Հայաստանի մէջ ազգային հարցին կրկին բացարձակ առաջնահերթութիւն պիտի տար: Բայց այդպէս չեղաւ, նախ` որովհետեւ փրոթոգոլներու գործընթացը սառեցուեցաւ նախագահին կողմէ, 2010-ին, բայց նաեւ ու մանաւանդ համաշխարհային ճգնաժամի պայմաններուն մէջ ընկերային-տնտեսական վերոյիշեալ երեւոյթները մինչեւ իսկ աւելի յոռի արտայայտութիւններով շարունակուեցան, ընդ որում` անոնց վրայ եկաւ բարդանալու արտագաղթը, իսկ հանքային արտահանման աւերը հայրենի բնութեան` դարձաւ շատ աւելի տեսանելի:
Այլ խօսքով` հայութեան քաղաքական գործընթացին յառաջդիմական ուղղուածութեան անհրաժեշտութիւնը առ աւելի շեշտուեցաւ: Բայց ճգնաժամային այս վերջին չորս-հինգ տարիներուն իւրայատուկ է նաեւ հայրենի իրականութեան մէջ անկախութեան այս քսանամեակին հասակ առած նոր սերունդ մը, որ շատ աւելի զգայուն է այս բոլոր հարցերուն նկատմամբ: Այդ սերունդին յանձնառութեան ու քաղաքական աշխուժութեան շնորհիւ է, որ վերոյիշեալ ընկերային հարցերը օրակարգի վրայ եկան: Ի մասնաւորի` բնապահպանման հիմնախնդիրը: Անոնց են նաեւ այն առաջին, թէկուզ եւ դեռեւս աննշան, յաջողութիւնները` հայութեան պատմական գործընթացին նոր որակային ուղղուածութիւն տալու իմաստով:
Առ այդ, «Հայերն ու յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» չորրորդ հանդիպման նախաձեռնողները ճիշդ ընտրած էին Հայաստանի անկախութեան 21 տարիներուն նուիրուած այս հանդիպման կիզակէտ դարձնել` հայրենի իրականութեան մէջ ծնունդ առած եւ զարգացած քաղաքացիական հասարակութեան յանձնառու հատուածներէ ներկայացուցիչներ: Աւելի պարզ` մարդկային իրաւանց, կենտերային (սեռային Խմբ.) հաւասարութեան, բնապահպանման, կիներու պաշտպանութեան, փտածութեան (կաշառակերութեան Խմբ.) դէմ պայքարի եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման նպաստող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ: Պարզ է, որ երեք քաղաքներու մէջ իրականացած այս համաժողովին մասնակցողները Հայաստանի մէջ գործող քանի մը հազար գրանցուած հասարակական կազմակերպութիւններուն ամբողջութիւնը չէին ներկայացներ: Ոչ ալ անհրաժեշտ է յստակացնել, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու բազմացումը անպայմանօրէն ցուցանիշ է քաղաքացիական հասարակութեան մը առկայութեան կամ քաղաքացիական հասարակարգի աշխուժութեան: Հայաստանի մէջ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէն կարեւոր թիւ մը, յաճախ ընտանեկան նախաձեռնութիւն է, եւ ինչպէս կ՛ըսեն, «հացի խնդիր» լուծելու նպատակին կը ծառայեն: Անոնց վրայ պէտք է աւելցնել շատ հաւանաբար կարեւոր թիւ մը, որ պետական շրջանակներէ յատկացում կը ստանայ, եւ առ այդ, համակարգի շարունակութեան կը ծառայէ, գիտակցաբար կամ ոչ: Կը մնան միւսները, թիւով շատ աւելի սահմանափակ, բայց` հայրենի իրականութեան մէջ փոփոխութիւն բերելու յանձնառու: Միւսները, որոնք տեսանելի են փողոցին մէջ, զորս ընդհանրապէս չեն սիրեր ոստիկանները, եւ որոնք թիրախ են յաճախ «գրանդակեր» (օտար պետութիւններու կամ ծառայութեանց կողմէ տրուած յատկացումներով սնուող-Խմբ.) վարկաբեկիչ ամբաստանութեան, եւ տակաւին պէտք է ուրախ ըլլալ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ցարդ Փութինի օրինակին չեն հետեւած անոնց օտար պետութիւններու «գործակալ» յայտարարելու եւ դատական հետապնդումի ենթարկելու համար, որովհետեւ այս պարագային, բարեբախտաբար, կայ Եւրոպական Միութիւն, կան մարդկային իրաւանց համաձայնագրեր, զորս Հայաստան, Ռուսիոյ օրինակով, չի կրնար պարզապէս անտեսել առանց անոնց հետեւանքներուն մասին մտածելու® Մէկ խօսքով, «Հայերը եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւնը» համաժողովի այս չորրորդ հանդիպման կը մասնակցէին անոնք, որոնց ընդմէջէն կարելի է տեսնել Հայաստանի մէջ քաղաքացիական առողջ հասարակութեան մը զարգացումը, գրաւը դնելով անոնց ժողովրդավար պայքարի արդիւնքներուն վրայ:
Հոս տեղը չէ համաժողովի մանրամասներուն անդրադառնալու: Նիւ Եորքի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպումներն ու հրապարակային բանավէճերը, թէկուզ եւ պատահարներով եւ անախորժութիւններով, միայն դրակա՛ն պէտք է համարել քաղաքական մտածողութեան կազմաւորման ու զարգացման համար:
Բայց անկախ արծարծուած թեմաներէն, բոլորն ալ, ինչ խօսք, կարեւոր, երբեմն նոյնիսկ էական` հայրենի իրականութեան համար, հայ քաղաքական մտածողութիւնն ու անոր յառաջդիմական ուղղուածութիւնը պէտք է նաեւ անդրադառնայ այսպէս կոչուած քաղաքացիական հասարակութեան եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու գործունէութեան եւ, անոնց դրական ամբողջ ներդրումի կողքին, նաեւ մատնանշէ թերիներ, թէկուզ եւ գաղափարախօսական անհամատեղելիութիւններ եւ ի հարկին, զգուշացումներ:
Այս խորհրդածութիւնները, առաւել, միայն սկզբնական են, առաջին հայեացք մը միայն, որովհետեւ թեման ինքնին քաղաքագիտական ուսումնասիրութեան առարկայ է, որուն մասին, ի դէպ, արդէն հրատարակութիւններ կան առանց նիւթի վերլուծումը սպառած ըլլալու յաւակնութեան:
Այսպէս, երբ Հայաստանի մէջ «քաղաքացիական հասարակութիւն» կ՛ըսուի, անիկա անմիջապէս կը հակադրուի քաղաքական հասարակութեան, այսինքն` պետութեան ու կուսակցութիւններուն:
Տեսականօրէն` քաղաքացիական հասարակութիւնը նաեւ կը հակադրուի շուկային ու մեծ դրամագլուխին: Բայց Հայաստանի, եւ ընդհանրապէս նախկին խորհրդային երկիրներու պարագային` այդ մէկը շատ հազուադէպօրէն կը համապատասխանէ իրականութեան: Ընդհակառակը` «Պաղ պատերազմի» աւարտով եւ Խորհրդային Միութեան պատմական փորձի ձախողութենէն ետք սպասելի, բայց ոչ «բնական» էր, որ այսպէս կոչուած «ազատ» շուկան ու ժողովրդավարութիւնը իրարու հետ առնչուին ու միաձուլուին: Ոչ «բնական» էր այս երեւոյթը, որովհետեւ գիտենք, որ գաղափարախօսական սահմանումները, եւ «ազատ շուկայ առաւել, ազատական ժողովրդավարութիւն» հասկացողութիւնը գաղափարախօսութիւն է, ապաքաղաքական չէ երբեք: Աւելի՛ն. այն քաղաքացիական հասարակութիւնը, որ ազատական ժողովրդավարութիւնը կը ձգտի ձեւաւորել, ինքնին կ՛ենթադրէ պետութեան թէ քաղաքական կուսակցութիւններու նկատմամբ վերապահութիւն, եթէ ոչ` հակադրութիւն այն համոզումով, որ հասարակութիւնը բնական երեւոյթ է, իսկ պետութիւնը` արհեստական: Պետութիւնը, աւելի առաջ երթալով, «փրոպլեմ» է, ինչպէս Ռիկըն ժամանակին յայտարարեց, բնաւ երբեք լուծում չէ: Պարզ է, որ Հայաստանի պարագային, դէմ յանդիման այնքան խնկարկուող «հզօր պետութիւն» յանկերգին, եւ ի տես քաղաքական համակարգի փտածութեան, բնապահպանական աւերին, այնքան ալ դժուար չէ պետութիւնը որպէս «փրոպլեմ» ընկալել®: Կը մնայ հարց տալ` եթէ ոչ պետութիւն, ապա` ի՞նչ: Ծայրայեղ ազատականներ, համայնավարներուն նման, առանց պետութեան հասարակարգի մը ցնորքին կը հաւատան ու անոր կը ձգտին: Այդ մէկը ոչ միայն անիրական է, այլ մինչեւ իսկ` վտանգաւոր, եթէ անոր հաւատան փոքր ազգերն ու ժողովուրդները, եթէ անոր հաւատան անվտանգութեան տեսակէտէ այնքան խոցելի երկիրներու հասարակութիւնները, ինչ որ է պարագան Հայաստանին: Անգամ մը եւս, այս չի նշանակեր բնաւ «հզօր պետութեան» հաւատամքին վերադառնալ, եւ նուազ որպէս թէ Հայաստանի զինուած ուժերու բարոյականը չքանդելու համար բանակին մէջ տեղի ունեցող ամենազազրելի ոճիրներուն ու զինծառայողներուն մարդկային իրաւանց բռնաբարման մասին լուր մնալ: Կը նշանակէ պարզապէս, որ քաղաքացիական հասարակութիւնը չի կրնար անտեսել պետական իրականութիւնը եւ իր պայքարը այնպէս մը առաջ տանիլ, որ պետութիւնը հաւասարեցնէ միայն Մաշտոցի զբօսայգիի պաշտպաններուն ճնշող ոստիկաններուն:
Այլ խօսքով` քաղաքացիական հասարակութեան տարբեր հատուածներու, աւելի ճիշդը` օրակարգի տարբեր խնդիրներու լուծման յանձնառու ներկայացուցիչ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները անպայմանօրէն հաղորդակից պէտք է ըլլան ժողովրդավար դրութեան մը դեռեւս միակ երաշխիք եղող քաղաքական կուսակցութեանց հետ, երկխօսութիւն հաստատեն ու իրենց խնդիրը դնեն քաղաքական պայքարի օրակարգին ե՛ւ փողոցին մէջ, ե՛ւ խորհրդարանը: Պարզ է, որ քաղաքական կուսակցութիւնները իրենք ալ պիտի գիտակցին, որ չեն կրնար ժողովուրդի ներկայացուցչութեան թատրոնը խաղալ անտեսելով փողոցին մէջ կացութիւն ստեղծելու ստիպման հասած քաղաքացիական հասարակութեան հատուածները, որոնք իրենք իրենց եւ ոչ մէկ կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած չեն տեսներ: Հայաստանի պարագային թերեւս պէտք է սպասել, որ «քոալիսիոն» ժողովրդավարութեան թմրեցուցիչին ազդեցութիւնը անցնի ու իսկական քաղաքական ընդդիմութիւն ձեւաւորուի` անդրադառնալու համար փողոցին մէջ առկայ հասարակական ժողովրդային զօրաշարժի ամբողջ կարողականութեան:
Պետութեան ու քաղաքական հասարակութեան հանդէպ Հայաստանի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու թէկուզ եւ հասկնալի վերապահութիւնը կ՛առաջնորդէ այլ քննադատական խորհրդածութեան մը: Կարծէք թէ առկայ է գաղափարախօսական չէզոքութեան հակում մը, այն իմաստով, որ մարդկային իրաւունքները, կենտերային ազատութիւնը, կնոջական իրաւունքները, թէ միջավայրի բնապահպանումը ո՛չ աջ են ո՛չ ալ ձախ: Այս տրամաբանութիւնը միայն մակերեսային կերպով ճիշդ է, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ քաղաքացիական հասարակութեան օրակարգի խնդիրները գաղափարական չեն, այլ` շատ որոշակի, անոնց մօտեցումն ու լուծումներու հեռանկարը անխուսափելիօրէն գաղափարախօսական կտրուածքով կը մեկնաբանուին վաղ թէ ուշ: Այսպէս, պէտք է գոնէ հարց տալ, թէ Հայաստանի մէջ քանի՞ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն` ընկերային անարդարութեան որեւէ երեւոյթ, ներառեալ` մարդկային իրաւունքներ, ծինային խնդիրներ, թէ բնապահպանում, կը դիտէ որպէս հիմնականօրէն հետեւանք հարստութեան կեդրոնացման ու անհաւասար բաշխումին: Ո՞ր մէկ քննադատական մօտեցումը հարցերուն եւ բողոքի զօրաշարժը ընկերային որեւէ անարդարութեան դէմ հարցականի տակ կը դնէ ազատ շուկայի վարդապետութիւնը ու անոր պատճառով յառաջացած դասակարգային բեւեռացումը: Դարձեալ` հարց չկայ ազատ ձեռնարկութիւնը վերացնելու եւ վերադառնալու պետականօրէն ծրագրուած աղէտալի հետեւանքներով համայնավար տնտեսական քաղաքականութեան մը: Բայց պէտք է անդրադառնալ, որ ե՛ւ զզուելի «օլիգարխ»-ները, ե՛ւ կախարդական «օրէնքի իշխանութիւն» կարգախօսը Հայաստան թէ նախկին խորհրդային որեւէ այլ հանրապետութիւն հասան միեւնոյն «ազատ շուկայ»-ի անցումային հոլովոյթով, եւ նոր-ազատական համակարգի տրամաբանութեան մէջ միայն երեւութաբար իրարու կը հակասեն, խորքին մէջ գաղափարախօսական նոյն ակունքէն ծնունդ կ՛առնեն: Անոր համար Հայաստանի մէջ համակարգային բարեփոխութիւնը «գունաւոր յեղափոխութեան» պէտք չունի` մէկ սակաւապետ հանելու եւ ուրիշը բերելու համար: Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան եւ ոչ կառավավարական կազմակերպութիւններուն անհրաժեշտ է քիչ մը «ձախ թեքում», որուն համար Արեւմուտք պէտք չէ նային այնքան, որքան` Հարաւ, որ ըսենք` հայրենի տեսադաշտէն, պետութիւն, քաղաքական կուսակցութիւններ, պիզնըս-ձեռնարկութիւններ եւ հասարակական քաղաքացիութիւն հաւասարապէս հեռու մնացած են: Նոյնիսկ այս կլոպալ աշխարհին մէջ®

