Սքոլարի Երկրորդ Անգամ Ըլլալով Պրազիլի Մարզիչ

Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ երկրորդ անգամ ըլլալով Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարի նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` փոխարինելով Մանօ Մենեզեսը, որ նախորդ շաբաթ պաշտօնանկ եղած էր:

Պրազիլի այլ մարզիչ մը` Քարլոս Ալպերթօ Փարէյրա նշանակուեցաւ Պրազիլի խումբի թեքնիք տնօրէն:

Սքոլարի իր առաջին մրցումը Պրազիլի հետ պիտի կատարէ յառաջիկայ տարուան փետրուարին, երբ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին հիւրը ըլլայ Անգլիոյ:

Նշենք, որ հինգ անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Պրազիլ 2014-ի Մոնտիալը հիւրընկալող երկիրն է:

Share this Article
CATEGORIES