ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ նախարար Հասան Մնէյմնէ երէկ Լիբանանեան համալսարանի երկրաչափութեան բաժանմունքի տեսուչ դոկտ. Մոհամետ Զաայթերին փոխանցեց վերջինիս համալսարանի նախագահ նշանակումին որոշումը: Արդարեւ, արդարութեան նախարարութեան խորհրդատուական եւ օրէնսդրական խորհուրդը Զաայթերը համալսարանի նախագահ նշանակած էր` նկատի ունենալով անոր ամէնէն տարեց ըլլալու հանգամանքը համալսարանի դասախօսական անձնակազմին մէջ:
ՍՊԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախկին նախարար Միկել Անխել Մորաթինոս յառաջիկայ երկուշաբթի Պէյրութ պիտի այցելէ` լիբանանցի պատասխանատուներուն զօրակցութիւնը հայցելու ՖԱՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի իր թեկնածութեան համար: Այս ծիրին մէջ Մորաթինոս պիտի այցելէ երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի եւ երեկոյեան մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ այս առնչութեամբ:
ԿԱԹՈՂԻԿԷ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերէն Սելիմ Ղազալ եպիսկոպոս երէկ վախճանեցաւ: Ան կարեւոր դեր ունեցած էր Հարաւի, Լեռնալիբանանի թէ Արեւելեան Սայտայի գաղթականներու տունդարձի յաջողութեան գծով:
«ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ տնտեսութիւնը պահեց իր կայունութիւնը, հակառակ տիրող քաղաքական անկայուն պայմաններուն», յայտարարեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ` երէկ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Սալամէ հաստատեց, որ ոչ միայն