ՍՈՒՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Սուտանի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Ալի Քարթի երէկ ժամանեց Պէյրութ եւ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նախարար զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամիի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին լիբանանեւսուտանեան գործարարներու միացեալ համաժողովի մը հիմնումի կարելիութիւնները: Միւս կողմէ, Քարթի Սուտանի նախագահ Օմար Հասան Պաշիրի կողմէ նամակ մը յանձնեց նախագահ Սլէյմանին:
ՍԼԷՅՄԱՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍ` ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
«Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` խորհրդակցելով երկկողմանի յարաբերութեանց եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութեանց շուրջ:
Հաւաստի եւ լաւատեղեակ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները` «Սաֆիր» կը յայտնէ, որ նախագահ Սլէյման տրամադրութիւն յայտնած է այցելելու Սուրիա` նախագահ Ասատին զօրակցելու քայլով մը, առանց ճշդելու այդ այցելութեան թուականը: