ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՕՐ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ

Ծաղկազարդի օրը` 17 ապրիլ 2011-ի յետմիջօրէի ժամը 3:30 – 6:00, Գ. Կիւլպենկեան սրահը ժամադրավայր եղած էր Այնճարի փոքրիկներուն, որոնք երկու հանգրուաններով երգեցին, պարեցին, խաղացին ու զուարճացան: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, որ աւանդութիւն դարձուցած է «Մանուկներու օր» կոչել այս ձեռնարկը: Պզտիկները առաւելագոյն չափով զուարճացնելու նպատակով, հրաւիրուած էին Քիքին, իր ընկերուհին եւ չորս երիտասարդ խամաճիկներ: Անոնք կը կրէին շատ ճոխ ու գեղեցիկ տարազներ, եւ շուրջ երեք ժամ ձեռնարկը ճոխացուցին: Տարբեր տարիքի մանուկներուն յարմար խաղեր կատարուեցան. ճաշակաւոր կերպով զարդարուած սրահը Զատիկ կը բուրէր:

Սպառած, բայց ուրախ, 200 պզտիկներ ստացան ուտելիք եւ խաղալիք պարունակող տոպրակներ, որոնք տրամադրուած էին Այնճարի քաղաքապետութեան եւ այլ բարերարներու կողմէ:

Բոլորին վարձքը կատար եւ շնորհակալութիւն:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Share this Article
CATEGORIES