Անդրադարձ. Միայն Իրագործումներուն Թուականները Յիշելու Համար…
ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Անգամ մը եւս 7 դեկտեմբեր հասած ենք: Թուական մը, որ իր խորհրդանշանակութիւնը ունի հայութեան համար: Ցաւի, տառապանքի, աղէտի խորհրդանշանակութիւն: Կորուստներով յատկանշուած պատմական թուականներու շարքին մաս կազմած դէպքի մը` 1988-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսային բաժինը հարուածած աշխարհասասան երկրաշարժին խորհրդանշանակութիւնը: Աղէտի թուական մը, որ տակաւին կը նշուի, այնքան ատեն որ տակաւին անոր բացած խոր վէրքերը չեն սպիացած:
Այդ աղէտալի թուականէն 24 տարի ետք ալ տակաւին «Աղէտի գօտի» հասկացողութիւնը չէ վերացած մեր մտքերէն, հաւաքական յիշողութենէն, այլ ընդհակառակն` հայրենի իրերայաջորդ իշխանութիւններուն անճարակ մօտեցումը` երկրաշարժին հետեւանքները վերացնելու առումով, տարուէ տարի այդ հաւաքական յիշողութեան մէջ աւելի եւ կ՛ամրացնէ աղէտի, կորուստի հասկացողութիւնը:
Անձնապէս, ամէն տարի այս թուականը` 7 դեկտեմբերը կը դիմաւորենք այն ակնկալիքով, որ մեր հաւաքական կեանքին մէջ արձանագրուի դրական անկիւնադարձ մը, որուն շնորհիւ առյաւէտ հայ ժողովուրդի յիշողութենէն վերանայ ամէն տեսակի կորուստի, աղէտի գաղափար: Երբեք չենք համակերպած այն գաղափարին հետ, որ իւրաքանչիւր տարուան 7 դեկտեմբերին մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն նիւթեր հրապարակուին այն մասին, որ աղէտէն տասնամեակներ ետք տակաւին անկէ տուժած մարդիկ եւ շրջաններ կան հիւսիսային Հայաստանի մէջ: Մինչդեռ վաղուց անհրաժեշտ էր ոչ միայն աղէտի հետեւանքներուն վերացումը, այլեւ այդ շրջաններու համապարփակ զարգացման ծրագրի մշակումն ու իրագործումը:
Բայց դժբախտաբար ամէն 7 դեկտեմբերին կրկին մեր ակնկալիքները ի դերեւ կ՛ելլեն: Եւ դժբախտաբար դարձեալ, փոխանակ մեր հայեացքները ապագային ուղղած ըլլալու` ազգային մակարդակի վրայ նորանոր իրագործումներ արձանագրելու տենչով, կը հանդիպինք անակնկալներու, որոնք յոռետեսութիւն կը ստեղծեն ազգի ճակատագիրին շուրջ:
Եւ այսօր, աղէտի մը հետեւանքները տակաւին ամբողջութեամբ չվերացուցած, ազգային կեանքի մակարդակին վրայ կը գտնուինք նորայայտ աղէտի մը դիմաց: Այո՛, նոյնքան կործանարար աղէտ մըն է այս, երբ պատմական գաղութ մը ամբողջ կը դիմագրաւէ գոյատեւման մարտահրաւէր: Խօսքը սուրիահայ գաղութին մասին է: Խօսքը մանաւանդ մեր «երազային Հալէպ»-ին մասին է: Հալէպը, որուն մայթերը արեւելք կը բուրեն, Հալէպը, որուն բարգաւաճման համար հայը իր էութենէն տուաւ, զոհաբերեց, Հալէպը, որուն հայկական թաղամասերը կը յիշեցնեն Կիլիկիոյ, Միջագետքի եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական կորսուած ոստանները, կը յիշեցնեն Ուրֆան, Այնթապը, Տիգրանակերտը:
Ինչպէս հայութեան քաղաքական եւ հոգեւոր ղեկավարութիւնները բազմիցս կրկնեցին վերջին ժամանակաշրջանին, ներկայիս սուրիահայութեան օժանդակութիւնը կը կազմէ համահայկական ամէնէն առաջնահերթ մարտահրաւէրը: Պահ մը իսկ այդ բուռ մը հայութիւնը պէտք չէ զգայ, որ աշխարհատարած հայ ազգը իր կողքին, իր ցաւերուն ու տառապանքներուն կողքին չէ: Հիմա՛ է պահը համահայկական զօրակցութեան եւ համերաշխութեան ամէնէն լայն շրջագիծը ստեղծելու` մեր սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն ցաւերը գոնէ քիչ մը ամոքելու համար, մանաւանդ որ տակաւին յստակ ոչինչ կայ, թէ Սուրիան բզկտող զինեալ տագնապը որքա՛ն կրնայ տեւել:
Հայ ազգը արդէն ի Հայաստան եւ ի սփիւռս գործնական քայլերու անցած է վերոյիշեալ զօրակցութիւնն ու համերաշխութիւնը արտայայտելու` թէ՛ համահայկական նախաձեռնութիւններու շրջագիծին մէջ, թէ՛ ալ գաղութային մակարդակի վրայ բարեսիրական միութիւններու ջանքերուն առումով: Ներկայիս փաստօրէն ամբողջական զօրաշարժ կայ սուրիահայութեան առաջին անհրաժեշտութեան կարիքներուն հասնելու առնչութեամբ:
Այդ ամբողջական զօրաշարժի երեւոյթներէն մէկը պէտք է լաւագոյնս դրսեւորուի նաեւ այսօր` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմինին կազմակերպած տարեկան ռատիոթոնին ընթացքին: Այո՛, ինչպէս ամէն տարի ռատիոթոնին հասոյթէն մաս մը բնականաբար պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրագործուելիք բարգաւաճման ծրագիրներուն, ասիկա նոյնպէս համահայկական առաջնահերթութիւն է, սակայն հաւաքուած գումարին հիմնական մասը պիտի յատկացուի սուրիահայութեան օժանդակութեան: Անշուշտ չմոռնալով նաեւ այն, որ այս տարի ռատիոթոնը ուշագրաւ մօտեցում պիտի դրսեւորէ նաեւ լիբանանահայ վարժարաններուն դիմագրաւած տնտեսական լուրջ տագնապին նկատմամբ:
Արդարեւ, լիբանանահայ դպրոցներուն դերը մեծ է իսկական հայ մարդուժի պատրաստութեան իմաստով, ուստի կարելի չէ ուշադրութիւն չդարձնել այն հնոցին, ուր ապագայի հայն ու ազգային գործիչը կը թրծուին:
Ուրեմն այսօր ամէն մէկ լիբանանահայէ կ՛ակնկալուի, որ, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին, գէթ այրի կնոջ լումայով մասնակցի սուրիահայութեան օժանդակութեան համահայկական ճիգին: Սուրիահայ գաղութը տասնամեակներ շարունակ հայութեան տուած է իր էութենէն` զանազան մարզերու մէջ: Կարգը այսօր համայն հայութեան է` փոխադարձելու սուրիահայ գաղութին, դոյզն չափով ամոքելու անոր կորուստներն ու վէրքերը:
Որպէսզի մանաւանդ աղէտներն ու անոնց հետեւանքները ընդմիշտ վերանան մեր հաւաքական յիշողութենէն: Միայն իրագործումներուն թուականները յիշելու համար եւ ոչ թէ աղէտի եւ կորուստի:

