Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աստուած Կը Պատժէ՞ Մեզ…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, մեր առօրեայէն առնուած է խորագրեալ հարցումը, որուն նմանները կը լսենք ստէպ, ինչպէս` «Աստուծոյ պատիժն էր անոր…», «Աստուած պատժեց զինք…», «Աստուած պիտի պատժէ զինք…»:

Այսօր Ս. Ղուկասի աւետարանէն ընթերցուածն ունի երկու մասեր (Ղկ. 13,1-9), որոնք կը հային մեր ամէնօրեայ կեանքին: Յիսուս Քրիստոս, հոգետես ու մարդաճանաչ Դաստիարակը, թէ՛ գիտէ` ի՛նչ կը խօսի եւ թէ՛ գիտէ` ինչպէ՛ս պիտի խօսի իր ունկնդիրներուն:

Այսպէս, Յիսուս կը քարոզէր «միշտ պատրաստ ըլլալ»-ուն (Ղկ. 12,35-48) եւ «ժամանակի նշաններ»-ուն մասին (Ղկ. 12,54-59), երբ մարդեր անոր եկան ու պատմեցին «այն գալիլիացիներուն մասին, որոնց արիւնը Պիղատոս խառնած էր իրենց զոհերու արեան հետ»:

Յիսուսի ցնցիչ պատասխանը անակնկալի բերած ըլլալու է թէ՛ պատմողները եւ թէ՛ ունկնդիրները, քանի այսօր ալ մեզ յանկարծակիի կը բերէ… Մեզմէ յատկապէս անոնք կը մատնուին անախորժ անսպասելիին, որոնք ոչ միայն պատմողներ են, այլ նաեւ միշտ ուրիշը իբրեւ յանցաւոր կ՛ընեն մատնացոյց` հաստատելով, թէ «Աստուած կը պատժէ զինք…»:

Մեր մէջ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կազմող այսպէս պատմող եւ ընող անհատներուն համաձայն, Աստուծոյ պատիժը սահմանուած է կամ կը տրուի միշտ ուրիշին միայն, քանի այդ ուրիշն է միշտ յանցաւորը, մեղաւորը, անարդարը լոկ, որով արժանի է անոնց անսխալական հաստատումին.«Աստուած պատժեց կամ պիտի պատժէ զինք…»:

Այս ինքնակոչ անմեղներուն եւ ուրիշն իրենց չարամիտ ու բամբասող խօսքին համարեա միակ կենդրոնը դարձնողներուն կը պատասխանէ Յիսուս, «երէկ, այսօր եւ վաղը», այս խարազանիչ հարցադրումով.«Կը կարծէ՞ք, որ այն գալիլիացիները աւելի մեղաւոր էին, քան` միւս գալիլիացիները, որովհետեւ այսպիսի վախճան ունեցան…: Կ՛ըսեմ ձեզի. «Ո՛չ»: Սակայն եթէ դուք չապաշխարէք, բոլորդ ալ պիտի կորսուիք նոյնպէս…» (Ղկ. 13,2-3):

Կարծես, Յիսուս տեսնելով իր զարմացած ունկնդիրներուն հակազդեցութիւնը, ինչպէս այսօր անոնց նմաններունը տեսայ ժամուորներուն մէջ, յիշեցուց եւ յիշեցուցի աղէտն այն տասնութ հոգիներուն, «որոնց վրայ փլաւ Սելովամի աշտարակը եւ սպաննեց զանոնք: Կը կարծէ՞ք, որ անոնք աւելի մեղաւոր էին, քան` Երուսաղէմի միւս բնակիչները: Կ՛ըսեմ ձեզի` «Ո՛չ»: Սակայն եթէ դուք չապաշխարէք, բոլորդ ալ պիտի կորսուիք նոյնպէս…» (Ղկ. 13,4-5):

Յստակ է Յիսուսի` մեր Աստուածային Վարդապետին միտքը, նոյնիսկ եթէ չունենանք զայն հասկնալու տրամաբանութիւնը, հոգեկանութիւնն ու յօժարութիւնը: Ապաշխարութեան կոչը կ՛ուղղէ բոլորին եւ բոլորիս: Ապաշխարանքի հրահանգը կու տայ բոլորին եւ բոլորիս:

Ապաշխարութիւնը կը նախադրէ մեղքը, եւ ապաշխարողը` մեղաւորը: Հետեւաբար կան թէ՛ մեղքը ու թէ՛ մեղաւորը: Մեղքը դիմացինին քով ու համար չէ միայն, այլ նաեւ ինծի, քեզի համար եւ անոր քով է: Բոլորին քով ու բոլորիս համար է: Մեղաւորն ուրիշը չէ միայն, այլ նաեւ ես եմ, դուն ես, ան է, մենք ենք, դուք էք, անոնք են: Բոլորն են եւ բոլորս ենք:

Եզրակաբար յանգելու ենք այն ճշմարտութեան, թէ մեղքերը գոյութիւն ունին եւ մեղաւորներս ալ կը վխտանք աշխարհին մէջ: Ուստի, կան նաեւ հետեւանքները մեղքերուն եւ արարքները մեղաւորներուն, նոյնիսկ եթէ անոնք անդրադառնան կամ ո՛չ, եւ նոյնիսկ եթէ մենք գիտակցինք կամ ո՛չ:

Հոս` սիւնակիս վերտառութեան խորքն աւելի հասկնալի դարձնելու հրամայականը կը պահանջէ տրուպէս բերել միայն քանի մը սովորական ու մշտահոլով օրինակներ մեր առօրեայէն` փաստելու համար, թէ մեզ պատժողը Տէրը չէ, այլ` մեղքը, մեղքին հետեւանքը…

Չար ենք: Ուրեմն մե՛ր չարութիւնը կը պատժէ մեզ:
Անարդար ենք: Ուրեմն մե՛ր անարդարութիւնը կը պատժէ մեզ:
Ինքնահաւան ենք: Ուրեմն մե՛ր ինքնահաւանութիւնը կը պատժէ մեզ:
Հպարտ ենք: Ուրեմն մե՛ր հպարտութիւնը կը պատժէ մեզ:
Խծբծող ենք: Ուրեմն մե՛ր խծբծանքը կը պատժէ մեզ:
Անեղբայրասէր ենք: Ուրեմն մե՛ր անեղբայրասիրութիւնը կը պատժէ մեզ:
Բամբասող ենք: Ուրեմն մե՛ր բամբասանքը կը պատժէ մեզ:
Շաղակրատ ենք: Ուրեմն մե՛ր շաղակրատութիւնը կը պատժէ մեզ:
Նիւթապաշտ ենք: Ուրեմն մե՛ր նիւթապաշտութիւնը կը պատժէ մեզ:
Նախապաշարուած ենք: Ուրեմն մե՛ր նախապաշարումը կը պատժէ մեզ:
Կռուազան ենք: Ուրեմն մե՛ր կռուազանութիւնը կը պատժէ մեզ:
Փառամոլ ենք: Ուրեմն մե՛ր փառամոլութիւնը կը պատժէ մեզ
Նախանձոտ ենք: Ուրեմն մե՛ր նախանձը կը պատժէ մեզ:
Անպտղաբեր ենք: Ուրեմն մե՛ր անպղաբերութիւնը կը պատժէ մեզ:

Հոս յիշուած ու դեռ չյիշուած անոնց նմանները մեղքեր են, եւ զանոնք գործադրողներս մեղաւորներ ենք. ուստի, ամէն օր կ՛ապրինք մեր մեղքերուն համապատասխան պատիժներու տեսակներն ու չափերը, դժբախտաբար, սակայն, ոչ միայն չանդրադառնալով այս իրողութեան, այլ նաեւ մեզ շպարելով ինքնաստեղծ ու անձնահաճ «անմեղութեամբ», որ մեզ հեռու կը պահէ ապաշխարանքէն, խոստովանանքէն:

Եւ` «սակայն եթէ դուք չապաշխարէք, բոլորդ ալ պիտի կորսուիք…»: Ստուգիւ, կորսուողները մենք ենք, որ մեր մեղքերով եւ անոնց հետեւանքներով կը պատուհասենք մեր հոգիները, մեր միտքերն ու մեր մարմինները:

Ս. Յովհաննէս կը մերժէ ինքնաստեղծ ու անձնահաճ «անմեղութեամբ» մեր անբոյր շպարումը.«Եթէ ըսենք, թէ մենք մեղք չունինք, մենք մեզ կը խաբենք, եւ ճշմարտութիւն չկայ մեր մէջ: Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, Ան հաւատարիմ է եւ արդար` կը ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ կը մաքրէ ամէն անիրաւութենէ: Եթէ ըսենք, թէ մենք չմեղանչեցինք, Զինք սուտ կը հանենք, եւ Անոր խօսքը չկայ մեր մէջ» (1 Յվհ. 1,8-10):

Ուրեմն «Ան» մեզ կը պատժէ՞… «Աստուած սէր է» (1 Յվհ. 4,8), կը սահմանէ Ս. Գիրքը: Սէրը` Ա՛ն, սակայն, չի գիտեր եւ չի կրնար պատժել, այլ` մեզի ձգած է մեր պատուհասումը, երբ չենք գիտակցիր մեր մեղաւորութեան ու չենք գործադրեր ապաշխարութեան Անոր հրաւէրը:

Այնճար,
2 դեկտեմբեր 2012          

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )