ՃԱՏՐԱԿ. ՏԱԹԵՒ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ` ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱԽՈՅԵԱՆ

Տաթեւ Աբրահամեան

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Միացեալ Նահանգներու աղջկանց ճատրակի ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Սենթ Լուիսի մէջ:

Այս ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ հայրենի ճատրակ խաղացող Տաթեւ Աբրահամեան, որ սակայն հանդիսացաւ փոխախոյեան:

Տիտղոսին տիրանալու համար լրացուցիչ մրցումին ան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Աննա Զաթոնսիհի հետ:

Սակայն նկատի ունենալով, որ Աբրահամեան մրցեցաւ ճերմակ քարերով, տիտղոսը շնորհուեցաւ անոր մրցակիցին:

 

Share this Article
CATEGORIES