Հաղորդագրութիւն
Ուրախութեամբ կ՛ուզենք հաղորդել մեր արուեստասէր ժողովուրդին, որ նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Երգ երգոց» մրցանքի մրցանակակիրներ Ալիս Իբրաճեան եւ Վարանդա Եագուպեան` գլխաւորութեամբ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի եւ լիբանանահայ վաստակաշատ երգիչ ու մրցանքի դատակազմի անդամ Ատիս Հարմանտեանի, երէկ` երեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2012-ին մեկնեցան Երեւան:
Անոնք «Հ1» հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Երգ երգոց» յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն, ինչպէս նաեւ Ատիս Հարմանտեանին վաստակին նուիրուած հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
CATEGORIES Գաղութային